Որոնել

2024.12.06 Predica di Avvento

Զարմանքի դուռը` 2024ի «Գալստեան» շրջանի առաջին խորհրդածութիւնը

Խորհրդածութեան աւարտին Հայր Փազոլինիի հրաւէրը եղաւ մեր մէջ եւս արթնցնել զարմանքը, ոչ ըսելով վախին բացուելու համար Աստուծոյ նորութիւններուն ու ճանչնալու Աւետարանի սերմերը որոնք կը գտնուին մեր իրականութիւններուն մէջ։ Միայն ասպէս է` որ կարող ենք մեր սրտերը պատրաստել Սուրբ Ծննդեան ու Յոբելեանին, ուրախութեամբ ու հեզութեամբ ընկալելով Աստուծոյ կամքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 6 դեկտեմբերի առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Գալստեան» շրջանի խորհրդածութիւններու առաջին նիստը զոր գլխաւորեց Քահանայապետական Տան Քարոզիչ` Քափուչին միաբանութեան անդամ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի, որ այս տարուայ որպէս նիւթ ընտրած էր «Յոյսին դռները», ի տես 2025ի Սուրբ Տարուան, եւ այսօր խօսքը կեդրոնացուց «Զարմանքի դուռին» վրայ մեկնելով մարգարէներու մարգարէութիւններէն.

Մտածականներու նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը ինչպէս նաեւ Հռոմի Քուրիայի անդամներ, կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, աշխարհականներ ու Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի աշխատակազմի անդամներ։

«Մարգարէներուն ձայները մեզ կը խրախուսեն չկորսնցնելու դէպի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը տանող ուղեւորութեան ուղեցոյցը ու զանոնք ունկնդրելով կարող ենք իմանալ թէ որոնք ենք դռները, որ նորոգուած յոյսով մեզ կը տանին մեր մարդկայնութեան խորհուրդին մէջ» նշած էր Հայր Փազոլինի ներկայացնելով մտածականներու նիւթերը։

Զարմանքին դուռը

Գալստեան շրջանի ընթացքին ծիսակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ ունկնդրելու մարգարէներուն ձայնը, որ կը հռչակէ Յիսուսի գալուստը։ Այս մարգարէները, որոնք ընտրուած են Աստուծմէ կը փորձեն ժողովուրդին մէջ արթնցնել յոյսի ու զարմանքի զգացում մը, որովհետեւ անոնց խօսքերը, թէեւ տկար, ուժն ունին դպչելու սրտերուն։

«Մարգարէական խօսքը արդարեւ իր հետ կը բերէ երկեակի արդիւնք` մէկ կողմէն կոչ է ապաշխարութեան միւս կողմէ բացուածք է յոյսին» հաստատեց իր խորհրդածութեան մէջ Հայր Փազոլինին ակնարկելով երկու իգական տիպարներու Սուրբ Կոյս Մարիամը եւ Եղիսաբեթը։

Եղիսաբեթը` որ զաւակ չէր ունեցած, հակառակ դժուարութիւններուն քաջութեամբ կ՛ընտրէ իր զաւկին անունը` Յովհաննէս, աստուածային նորութեան մը տիպարը. Անոր այս հաւատքի արարքը կը ներկայացնել բացուածք այն բաներու նկատմամբ զոր Աստուած պիտի իրականացնէ։ Միւս կողմէն Մարիամը զարմանքով ու տրամադրութեամբ կ՜ընկալէ Հրեշտակին աւետիսը, արտայայտելով իր ամբողջական «այոն» Աստուծոյ կամքին։ Անոր այս արարքը կը ներկայացնէ վախէն հրաժարում ու շնորհքին ողջագուրումը։

Խորհրդածութեան աւարտին Հայր Փազոլինիի հրաւէրը եղաւ մեր մէջ եւս արթնցնել զարմանքը, ոչ ըսելով վախին բացուելու համար Աստուծոյ նորութիւններուն ու ճանչնալու Աւետարանի սերմերը, որոնք կը գտնուին մեր իրականութիւններուն մէջ։ Միայն ասպէս է` որ կարող ենք մեր սրտերը պատրաստել Սուրբ Ծննդեան ու Յոբելեանին, ուրախութեամբ ու հեզութեամբ ընկալելով Աստուծոյ կամքը։

Ի վերջոյ Գալստեան շրջանի իսկական մարտահրաւէրը ան է տեսնել արտաքինէն անդին, ու գիտակցինք, որ լաւագոյն օրերը տակաւին մեր առջեւ են բացուելով Մարդեղութեան խորհուրդի շնորհքին և զարմանքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2024, 09:35