Որոնել

Սուրբ Պետրոսի հրապարակ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ 

Վատիկանի քրէական օրինագիրքերն ու օրէնքները՝ ամենաժամանակակից իրաւական համակարգերու համահունչ

Քրէական օրէնքներու համակարգուած ժողովածուներուն կարեւորութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով «Վատիկանի քրէական օրինագիրքերն ու օրէնքները» վերնագիրով հատորը, խմբագրուած արդարադատութեան նախաձեռնարկ Ալէսանտրօ Տիտտի կողմէ ու տպագրուած Վատիկանի տպագրատունէն։

Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է թէ օրէնքներուն համակարգուած հաւաքածոները՝ այսօր, ինչպէս նաեւ անցեալին անգնահատելի ժառանգութիւն է օրէնքին եւ հասարակութեան համար։ Պատմական վերակառուցման եւ վերլուծութեան մանրակրկիտ այդ աշխատանքներ պարտականութիւն ունին հաւաքելու եւ կարգաւորելու օրէնքները, որոնք կը կանոնաւորեն ընկերային կեանքը, զանոնք աւելի հասանելի եւ մատչելի դարձնելով օրէնսդրութեամբ զբաղող անձերուն եւ քաղաքացիներուն համար։

Քրէական օրէնքներուն, թարմացուած եւ կանոնաւոր հաւաքածոյի ստեղծումը, ոչ միայն կը դիւրացնէ փաստաբաններուն, դատաւորներուն եւ գիտնականներուն աշխատանքը այլ նաեւ կը նպաստէ երաշխաւորելու իրաւական ստուգութիւնը։

Իրաւական համակարգին մէջ կանոններու ճանաչումը հիմնական է , այն թոյլ կու տայ քաղաքացիներուն իմանալու թէ որ վարքագիծը թոյլատրելի է եւ որը պատժամիջոց է, ամրապնդելով վստահութիւնը հաստատութիւններու մէջ եւ իրաւական յարաբերութիւններուն նկատմամբ։

Մասնաւորապէս նշանակելի է օրէնսդրութեան մէջ այս հաւաքածոներուն դերը, ուր կանոններուն իմացութիւնը հիմնարար է՝ երաշխաւորելու համար, օրէնքի իրաւասութեան յարգանքը։ Օրէնքի անտեղեկութիւնը, ըստ էութեան երբեք արդարացում չէ ու քրէական դրոյթներու յստակը ըմբռնումը էական է խուսափելու համար անօրինական վարքագիծերէն եւ ապահովուելու պատիժներ արդար եւ համաչափ կիրառումը։

Վատիկանի Քրէական համակարգի շօշափելի դէպքին մէջ, թարմացումներու եւ բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը զգացուած է տարիներուն ընթացքին, աւելի կարեւոր դարձնելով օրէնքներուն համակարգուած հաւաքածոյին ստեղծումը։ Այդ հաւաքածոն ոչ միայն կ՝արտացոլայ կարգաւորումի կարիքները, որ պէտք է զարգանայ ժամանակի ընթացքին, այլ կը ներկայացնէ հիմնարար իրաւական արժէքներուն պաշտպանութեան պատուար մը, որ անփոխարինելի է հասարակութեան բարօրութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանը աւարտած է գրելով որ Քրէական օրէնքներուն համակարգուած եւ կազմակերպուած հաւաքածոն կը նպաստէ կանոններու թափանցիկութեան, կայունութեան եւ ստուգութեան այդպիսով նպաստելով բոլորին համար աւելի արդար եւ մատչելի իրաւական համակարգի կառուցման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2024, 12:42