Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աստուած մարդիկը գերի չբռներ, այլ իր սէրն ու փրկութիւնը կու տայ

Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց եւ իր սիրտի խօսքը փոխանցեց «Ացիոնէ Կաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումին ղեկավարներուն, կրթիչներուն եւ պատանիներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 20 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց եւ իր սիրտի խօսքը փոխանցեց «Ացիոնէ Կաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումին ղեկավարներուն, կրթիչներուն եւ պատանիներուն։

Արտասանած պատգամին սկիզբը Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հանդիպումին համար, ապա ողջունելէ ետք Ացիոնէ Քաթթոլիքայի նախագահը, պատանիները ու բոլոր անդամները խօսքը կեդրոնացուց յիշեալ կազմակերպութեան այս տարուան ուսումնական ուղեւորութեան թեմային՝ «Բացերը գացէք»։ Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց Յիսուսի առաջին առաքեալներուն մասին, որոնք ձկնորսներ էին ապա «մարդոց ձկնորսները» դարձան5 անդրադառնալով ապա մարդկանց ձկնորսներ ըլլալու նշանակութեան մասին Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ Աստուած չցանկար մարդիկ գերի բռնել, այլ իր սէրն ու փրկութիւնը կու տայ, յարգելով իւրաքանչիւրին ազատութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ նաեւ զարմանքի կարեւորութեան մասին, նամանաւանդ Ծննդեան տօնին օրերուն երբ փողոցները կը լուսաւորուին եւ նուէրներ կը փոխանակուին ու այս առումով անդրադարձաւ մսուրը շրջապատող տարբեր անձերու հիացմունքին շեշտելով որ կեանքը ինքնին պարգեւ մըն է ու յիշեց երանելի Քարլօ Աքութիսը, որ կը խրախուսէր ըլլալու ինքնատիպ եւ ոչ թէ լուսապատճէներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաները յորդորեց հիանալու ու երբեք չմոռնալու Աստուծոյ սէրը մարդոց նկատմամբ որոնց կը հանդիպինք։

«Մենք մեր հիացմունքով վարակենք բոլորին՝ տուներուն, ժողովրդապետութիւններուն եւ քաղաքներուն ու ազգերուն մէջ։ Այսպիսիով կը տարածենք երջանկութիւն, վստահութիւն եւ մխիթարութիւն», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, կարիքաւորներուն շնորհած նուէրներուն համար ու յորդորեց մօտիկ կանգնելուն բոլոր անոնց որոնք կը տառապին։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով երբեք չմոռնալ աղօթելու իրեն համար, ապա շնորհաւորեց Բարի Սուրբ Ծնունդ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2024, 11:11