Որոնել

2023.06.07 Inaugurazione Info Point Giubileo 2025

2025-ի Յոբելեանը բնորոշուած պիտի ըլլայ յոյսով, որ չի սպառիր. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը

Թող հաւատացեալներու վկայութիւնը ըլլայ իրական յոյսի թթխմոր աշխարհին մէջ, աւետիս նոր երկնքի ու նոր երկրի, որտեղ ժողովուրդները իրար միջեւ ապրին արդարութեամբ և ներդաշնակութեամբ՝ նպատակ ունենալով իրականացնել Տիրոջ խոստումը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«#2025-ի Յոբելեանը բնորոշուած պիտի ըլլայ յոյսով, որ չի սպառիր։ Ան թող մեզի օգնէ վերագտնելու անհրաժեշտ վստահութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ, միջ-անձնային յարաբերութիւններու, միջազգային յարաբերութիւններու, իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան և ստեղծագործութեան յարգանքի հանդէպ». Այս կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Պապին այսօր «ԻՔՍ» հարթակի վրայ կատարած գրառումին մէջ, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Սրբազան Պապին «spes non confundit - Յոյսը յուսախաբ չի թողուր» Սուրբ Տարին հռչակող կոնդակէն։

Կոնդակին մէջ ի միջի այլոց գրուած է. «Թող հաւատացեալներու վկայութիւնը ըլլայ իրական յոյսի թթխմոր աշխարհին մէջ, աւետիս նոր երկնքի ու նոր երկրի, որտեղ ժողովուրդները իրար միջեւ ապրին արդարութեամբ և ներդաշնակութեամբ՝ նպատակ ունենալով իրականացնել Տիրոջ խոստումը։ Եկէք այժմէն իսկ թոյլ տանք, որ ներգրաւուինք յոյսով և թոյլ տանք, որ ան մեր միջոցաւ վարակիչ դառնայ անոնց համար, որոնք զայն կը ցանկան»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2024, 13:30