Կեանքի և խաղաղութեան Մարդկային իրաւունքները էական պայման են բոլոր միւս իրաւունքներու իրականացման համար
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին
10 դեկտեմբերին կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած Մարդու Իրաւունքներու միջազգային օրը։ 1948-ի Դեկտեմբեր 10-ին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը կ՝ընդունէր Մարդու Իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը: Երկու տարի ետք` 1950-ին նշուեցաւ «Մարդու Իրաւունքներու» համաշխարհային առաջին օրը'':
Մարդու Իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց.
«Կեանքի և խաղաղութեան Մարդկային իրաւունքները էական պայման են բոլոր միւս իրաւունքներու իրականացման համար: Կառավարութիւնները պէտք է անսան պատերազմի պատճառով ամենատարրական իրաւունքներէն զրկուած միլիոնաւոր մարդկանց խաղաղութեան աղաղակը, բոլոր աղքատութիւններուն մայր»:
Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը կը ներառէ քաղաքական, քաղաքացիական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական իրաւունքներու լայն շրջանակ: Ան արձանագրուած է Կիննեսի ցուցանիշներու գիրքին մէջ, իբրեւ աւելի քան 380 լեզուներով եւ բարբառներով թարգմանուած փաստաթուղթ, ուր կը խօսուի անոր համընդհանուր բնոյթի եւ տարածման ծաւալներու մասին: Այս տարի կը նշուի հռչակագիրի որդեգրման 70 ամեակը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ