Որոնել

2025.01.01 Angelus

Կառավարիչները թող ջնջեն կամ նուազեցնեն պարտքերը. Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Յոբելեանը կը պահանջէ, որ այդ ներումը թարգմանուի ընկերային գետնի վրայ, որպէսզի ոչ մէկ անհատ, ոչ մէկ ընտանիք, ոչ մէկ ժողովուրդ պարտքերու բերին տակ ճնշուած մնայ» ապա քաջալերեց քրիստոնեայ երկիրներու կառավարիչները բարի օրինակ դառնալու, ջնջելով կամ նուազեցնելով, աղքատ երկիրներուն պարտքերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` մէկ Յունուարին, Ամանորի առիթով իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակ համախմբուած հաւատացեալները ըսելով. Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բոլորիդ՝ հռոմէացիներ և ուխտաւորներ, և անոնց, որոնք լրատուամիջոցներու միջոցաւ կը հետեւին աղօթքին կը մաղթեմ նոր տարուան համար ամենայն բարիք։

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ նախագահին, որ զինք յիշած էր ազգին ուղղած իր պատգամին մէջ եւ ի սրտէ անոր ապահովեցուց իր աղօթքները անոր եւս մաղթելով շնորհաւոր նոր տարի։

Սրբազան Պապը յիշեց ապա  Խաղաղութեան համաշխարհային օրը զոր Սուրբ Պօղոս Զ ուզած էր հաստատել ու նշեց` որ այս տարի` Յոբելեանին առիթով, ան կը յատկանշուի իւրօրինակ թեմայով` պարտքերու ներումը, եւ ասկէ մեկնելով նշեց, որ «առաջին պարտքեր ներողը Աստուած է, այնպէս ինչպէս մենք կ՛աղօթենք «Հայր մերին» մէջ, մեր կարգին յանձնառու ըլլալով ներելու մեր պարտապաններուն, յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով` որ «Յոբելեանը կը պահանջէ, որ այդ ներումը թարգմանուի ընկերային գետնի վրայ, որպէսզի ոչ մէկ անհատ, ոչ մէկ ընտանիք, ոչ մէկ ժողովուրդ պարտքերու բերին տակ ճնշուած մնայ», ապա քաջալերեց քրիստոնեայ երկիրներու կառավարիչները բարի օրինակ դառնալու, ջնջելով կամ նուազեցնելով, աղքատ երկիրներուն պարտքերը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց խաղաղութեան ի սպաս խթանուած աղօթքներուն ու ձեռնարկներուն համար, յիշելով Փեզարօ քաղաքի խաղաղութեան քայլարշաւը ու ողջունելով Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած «Խաղաղութիւն բոլոր երկիրներուն մէջ» ձեռնարկին մասնակիցները։

Ան հուսկ գնահատանք արտայայտեց բոլոր անոնց համար` որոնք հակամարտութեան բազմաթիւ վայրերուն մէջ կ՛աշխատին երկխօսութեան ու բանակցութեան իսպաս, հրաւիրելով աղօթել «որպէսզի բոլոր ճակատներուն վրայ դադրին հակամարտութիւնները ու վճռական կերպով ձգտուի խաղաղութեան ու հաշտութեան» ըսաւ Ան յիշելով մարտիրոս Ուքրանիան, Կազան, Իսրայէլը, Հիւսիսային Քիվուն ու պատերազմի մէջ գտնուող բոլոր ժողովուրդները։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Իտալական Հեռուստակայանի մէկ յայտագրին, ուր ցոյց տրուեցան պատերազմի պատկերներ, հաստատելով, որ «պատերազմը կործանարար է. Միշտ կը կործանէ։ Պատերազմը միշտ պարտութիւն է. Միշտ» ըսաւ Ան ու ողջունեց հրապարակի վրայ գտնուող ուխտաւորներուն խումբերը հրաւիրելով բոլորը «պայքարելու խաղաղութեան համար»։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց դարձեալ նորոգելով նոր տարուան բարի սկիզբի մը շնորհաւորութիւնները` Տիրոջ ու Սուրբ Կոյս Մարիամի օրհնութեամբ» յարեց Ան սովորութեան համաձայն խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2025, 12:47