Italy hosts G7 summit in Puglia

ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտըն Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհած է «Ազատութեան» մետալը

Նախագահ Պայտըն պարգեւատրումի լուրը Քահանայապետին փոխանցեց Շաբաթ 11 Յունուարին անոր հետ ունեցած նոր հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին։ Այս օրերուն նախատեսուած էր նախագահ Պայտընի այցը Վատիկան սակայն Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի հրդեհի պատճառով նախագահ Պայտըն ստիպուած եղաւ ջնջել այցը։
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնաւարտ նախագահ Ժօ Պայտըն, Ֆրանչիսկոս Պապը պարգեւատրած է «Presidential Medal of Freedom with Distinction» մետալով, որ համարուած է ամերիկեան ամենաբարձր պարգեւատրումը։ Նախագահը այս մէկը հաղորդած է Ֆրանչիսկոս Պապին անոր հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին, տրուած ըլլալով որ Անոր նախատեսուած այցը Վատիկան չեղեալ նկատուեցաւ ի տես Լոս Անճելըսը հարուածող աղէտալի հրդեհին։

Պայտընը Քահանայապետին այս պարգեւատրումը շնորհած է անոր խաղաղութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, աղքատներու եւ դիւրաբեկներու ի նպաստ յանձնառումին ինչպէս նաեւ մոլորակի պահպանման յանձնառու աշխատանքին համար։

«Ֆրանչիսկոս Պապը ժողովրդի Պապն է՝ հաւատքի, յոյսի և սիրոյ լոյս, որ կը փայլի համայն աշխարհին մէջ» գրուած է պարգեւատրումի պատճառներուն մէջ ուր ընդգծուած է Քահանայապետին նուիրումը աղքատներուն ու անոր կարողութիւնը յոյս ու սէր ներշնչելու աշխարհին։

Յայտնենք` որ մետալը յանձնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ առաքելական Նուիրակ Գերապ. Քրիստոֆ Փիերին որ ապա զայն պիտի փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Պապին։ Այս երկրորդ անգամն է` որ Քահանայապետ մը կ՛արժանանայ այս մէտալին, առաջինը եղած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 2004 թուականին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2025, 07:19