«Պաշտպանենք կեանքը ու նոր տարին յանձնենք Աստուածամօր հովանիին». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Նոր տարուան սկիզբը զոր Տէրը մեզի կը պարգեւէ գեղեցիկ է մեր սրտին հայեացքը ուղղել Մարիամին։ Ան արդարեւ Մայր ըլլալով մեզի կը տանի Յիսուսին, կը խօսի Յիսուսի մասին կ՛առաջնորդէ դէպի Յիսուս։ Եւ այսպիսով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր այս տօնը մեզ կը մխրճէ Ծննդեան Խորհուրդին մէջ. Աստուած մարդեղացաւ Մարիամի արգանդին մէջ ու մեզի որ բացինք Սուրբ Դուռը սկիզբ տալու համար Յոբելեանին, այսօր կը յիշեցնէ թէ «Մարիամը դուռն է, որով Քրիստոս մտաւ աշխարհ». Խօսքերն են ասոնք` որով Ֆրանչիսկոս Պապը սկսաւ 2025 տարուայ առաջին օրը, մէկ Յունուարին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր տօնի եւ Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան նուիրուած սուրբ պատարագին առիթով արտասանած քարոզը։
Աստուծոյ Որդին ծնաւ կինէ մը
Ան ապա ակնարկեց Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն որ կը յիշեցնէ թէ «Աստուած իր Որդին ղրկեց որ ծնաւ կինէ մը» նշելով որ այս մէկը կ՛ընդգծէ` թէ Յիսուս մարմնացաւ Մարիամի արգանդին մէջ եւ թէ Աստուած ընտրեց մարդկային մարմնին տկարութիւնը յայտնուելու համար մեր մէջ։
«Յիսուս Քրիստոս, մեր Փրկիչը ծնաւ կինէ մը... Ան Ամենակարող Աստուծոյ պատկերը, եկաւ տկարութեան մէջ...Ան ծնաւ կոյսէ մը եւ մեզմէ մէկն է ու ասոր համար Ան կարող է մեզ փրկել», ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը նկատել տալով նաեւ, թէ «կինէն ծնաւ»ը մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսին իսկական մարդկայնութիւնը։ Ան եկաւ մանուկի դիւրաբեկութեան մէջ եւ երբ հովիւները գացին բեթղեհէմ տեսնելու համար մանուկը այնտեղ գտան «Մարիամը, Յովսէփը, ու մսուրին մէջ պառկած մանուկը» (Ղուկ 2,16)։
Անոնք գտան անպաշտպան, դիւրաբեկ, նորածին մը, որ կարօտը ունէր Մարիամի խնամքին, կարօտը` քնքշութեան ու սիրոյ։ Ասիկա նշանն է որ Աստուած չընտրեց իշխանութեան մեծութիւնը այլ փոքրութիւնն ու դիւրաբեկութիւնը։
Աստուծոյ մեծութիւնը գտնել կեանքի փոքրութիւններուն մէջ
«Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ Աստուած իր դիւրաբեկ մարդկութեան մէջ, որ հոգ կը տանի դիւրաբեկներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը յայտնելով նաեւ, թէ Մարիամը մեզի կը յիշեցնէ որ Յիսուսին հետ հանդիպելու առանձնաշնորհեալ վայրը, մեր կեանքն է, մեր մարդկային տկարութիւնը, եւ Անոր դիմելով` որպէս Աստուծոյ Մայր կը հաստատենք, որ Քրիստոս Տէրն է ժամանակին որ կը բնակի մեր ժամանակին մէջ եւ կարող ենք անոր հանդիպիլ ու պէտք է զայն փնտռենք իւրաքանչիւր մարդ արարածի դիմագիծին մէջ» յարեց ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը, հրաւիրելով Նոր Տարին յանձնել Մարիամի հովանիին որպէսզի մենք եւս Անորմէ սորվինք Աստուծոյ մեծութիւնը գտնել կեանքի փոքրութիւններուն մէջ, որպէսզի սորվինք հոգ տանիl իւրաքանչիւր էակի, ամենէն առաջ պաշտպանելով կեանքի թանկարժէք պարգեւը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան։
Պաշտպանել կեանքը
«Այսօր Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան առիթով մենք կոչուած ենք պաշտպանելու կեանքը, հոգ տանելու վիրաւոր կեանքին, իւրաքանչիւր «կինէ ծնածի» մը վերադարձնելու արժանապատուութիւնը, որպէսզի կարողանանք կառուցել խաղաղութեան քաղաքակրթութիւն մը։ Ասոր համար է, որ կը խնդրեմ որ խթանուի մարդկային կեանքի արժանապատւութեան յարգանքը, սաղմէն մինչեւ բնական մահ, որպէսզի իւրաքանչիւր անհատ սիրէ իր կեանքը ու ապագային նայի յոյսով» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յղում կատարելով 2025-ի Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուայ իր պատգամին։
Մարիամին յանձնենք աշխարհը
Ան ապա քարոզը աւարտեց նշելով որ Մարիամ` Աստուծոյ եւ մեր Մայրը, մեզ կը սպասէ մսուրին մէջ, ու մեզի եւս ցոյց կու տայ Աստուած որ միշտ կը զարմացնէ... Անոր յանձնենք այս նոր յոբելենական տարին, անոր յանձնենք մեր մտահոգութիւնները, տառապանքներն ու ուրախութիւնը ու ամէն բաները, որ կը կրենք մեր սրտին մէջ։ Անոր յանձնենք համայն աշխարհը` որպէսզի վերածնի յոյսը, որպէսզի վերջապէս ծիլ առնէ խաղաղութիւնը համայն աշխարհի ժողովուրդներուն համար։
«Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Աստուածածին»
«Պատմութիւնը մեզի կը փոխանցէ, որ երբ եպիսկոպոսները Եփեսոսի մէջ եկեղեցի մտան, հաւատացեալ ժողովուրդը, փայտերը ձեռքին, կը բացականչէին «Աստուածամայր»: Այդ փայտերը անշուշտ խոստումն էին, թէ ինչ պիտի ըլլար, եթէ անոնք չյայտարարէին «Աստուծոյ Մօր» Վարդապետութիւնը։ Այսօր մենք փայտեր չունինք, բայց այո ունինք, զաւկի սիրտ ու ձայն։ Այս պատճառով բոլորս միասին գովաբանենք Սուրբ Աստուածածինը բոլորս միասին ըսենք «Սուրբ Աստուածածին», երեք անգամ, միասին` «Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Աստուածածին» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ