Կ՛ուզեմ` որ իմանաք, որ իմ սիրտս մօտիկ է Լոս Անճելըսի ժողովուրդին. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
22 Յունուարի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող հազարաւոր ուխտաւորները, խօսքը ուղղելով իտալացի հաւատացեալներուն ըսաւ. «Ես կ՛ուզեմ որ իմանաք, որ իմ սիրտս Լոս Անճելըսի ժողովուրդին հետն է, որ այնքան տառապեցաւ համայն թաղամասեր եւ հասարակութիւններ աւերած հրդեհներուն պատճառաւ։ Եւ տակաւին չեն աւարտած…. Թող` որ Կուատալուփի Տիրամայրը բարեխօսէ բոլոր բնակիչներուն համար, որպէսզի կարենան դառնալ յոյսի վկաներ, բազմազանութեան և ստեղծագործական ուժի միջոցաւ, որոնցմով անոնք յայտնի են ամբողջ աշխարհին մէջ»։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ հրաւիրեց չմոռնալ մարտիրոս Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլն ու Միանմարը։ «Աղօթենք խաղաղութեան համար» յարեց Ան, անգամ մը եւս հաստատելով` որ «պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է»։
Սրբազան Պապը պատմեց, թէ ինք երէկ հեռաձայնային կապ հաստատեց Կազայի ժողովրդապետութեան հետ, նշելով` որ ինք այս մէկը կ՛ընէ ամէն օր։
«Այնտեղ համախմբուած են 600 անձ, եւ ուրախ էին որովհետեւ երէկ հաւով ոսպ կերած էին։ Բան մը` որ շատոնց չէին ընէր։ Եւ ասոր համար ուրախ էին» ըսաւ Սրբազան Պապը աղօթք խնդրելով Կազայի ու աշխարհի այլ վայրերու մէջ խաղաղութեան համար։
«Մի մոռնաք պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է։ Միշտ, եւ անորմէ կը շահին միայն զէնք արտադրողները։ Խնդրեմ աղօթենք խաղաղութեան համար» կրկնեց Սրբազան Պապը ապա ողջունեց երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները յիշելով, որ այս օրերուն կը կատարուին քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքներ, ու ասկէ մեկնելով խրախուսեց Մէկ ու Երրեակ Աստուծոյ աղերսել, Քրիստոսի բոլոր աշակերտներուն միջեւ լիակատար միութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ