Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Requiem in Re minore, K626, per soli, coro e orchestra
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Քահանայապետին գնչուներու խումբի մը հետ հանդիպումը 2019ին Քահանայապետին գնչուներու խումբի մը հետ հանդիպումը 2019ին  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Բաց պահել եկեղցեւոյ դռները, բոլոր անոնց առջեւ որոնք հեռացած են

Սպանիոյ մէջ գնչուներուն ներկայութեան 600 ամեակի կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2025 թուականին կը նշուի, Սպանիոյ մէջ գնչուներու ներկայութեան 600 ամեակը։ Այս կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց, որուն մէջ բարձր գնահատեց գնչուներու հասարակութեան արժէքները, քաջալերելով զանոնք յոյսով դիմագրաւելու ապագան։

Ակնարկելով գնչուներու պատմութեան, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ անոնց պատմութիւնը յատկանշուած է անհասկացողութիւններով եւ մերժումներով սակայն նաեւ մօտիկութեան պահերով Աստուծոյ հանդէպ զոր քալեց անոնց հետ դժուարութիւններու միջոցաւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց նաեւ գնչուներու ինքնութեան նկատմամբ ներառումն ու յարգանքը խթանելու վերջին ջանքերը, ընդգծելով շարունակական մարտահրաւէրները, ինչպէս ընտանեկան դժուարութիւնները, կրթութեան հասանելիութիւնը եւ խտրականութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Սուրբ Պօղոս Զ-ի ուղերձը, որուն մէջ շեշտուած է որ գնչուները կը գտնուին եկեղեցւոյ սիրտին մէջ ու Աստուծոյ զաւակներն են ու հրաւիրեց շարունակելու աշխատիլ միասին՝ եպիսկոպոսներու եւ տեղական համայնքներուն հետ՝ խթանելու համար գնչուներուն հաւատքն ու արժէքները՝ ինչպէս ընտանիքը, ուրախութիւնը եւ արարչագործութեան հանդէպ յարգանքը։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ յորդորեց ձեւաւորել միսիոնար առաքեալներուն հասարակութիւն մը, նպատակ ունենալով յոյս եւ ուրախութիւն բերել բոլոր անոնց որոնք կորսնցուցած են իրենց հաւատքը եւ բաց պահել եկեղեցւոյ դռները բոլոր անոնց առջեւ որոնք հեռացած են։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձը եզրափակեց հրաւիրելով հետեւելու երանելի Էմիլիա Ֆէրնանտեզ Ռոտրիկէզի եւ Երանելի Չէֆէրինօ Ճիմենզ Մալլայի, որոնք վկայեցին իրենց հաւատքի մասին՝ սիրոյ եւ քաջութեան ժեսթերով։ Հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց խնդրելով, որ մէկը մէկ միւսին համար աղօթեն, խրախուսելով շարունակելու ուղեւորութիւնը՝ Աստուծոյ քնքշութիւնը տարածելու։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2025, 12:53
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031