Հոգին աւանդեց առ Հայր Կարդինալ Ամաթոն` Աւետարանի ու եկեղեցւոյ վեհանձն ծառայ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ան իր մարդկային նրբագեղութեամբ և առատաձեռնութեամբ նուիրուեցաւ Աւետարանի և Եկեղեցւոյ» այսպէս է` որ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց երէկ 31 դեկտեմբեր 2024ին 86 տարեկանին կեանքէն հեռացած Սուրբերու Դատի Ժողովի երբեմնի կառավարիչ Սալեզեան միաբանութեան անդամ` կարդինալ Անճելօ Ամաթոն, Սալեզեան միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ` Հայր Սթեֆանօ Մարթոլիոյին ուղղած հեռագիրի մը միջոցաւ։
Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը արտայայտեց միաբանութեան անդամներուն ու ննջեցեալի հարազատներուն շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ «Սուրբ Ճովաննի Պսոքոյի այս հոգևոր որդիի կերտիչ վկայութեան համար»։
«Ան Սուրբ Աթոռին ծառայեց քահանայական հոգիով ու աստուածաբանական մեծ հմտութեամբ, յատկապէս Հաւատոյ Վարդապետութեան ժողովի եւ Սուրբերու Դատի վերատեսչութեան ներքոյ» գրեց Սրբազան Պապը իր աղօթքները ապահովեցնելով այդ բարի ծառային համար, որ հաւատարիմ մնաց իր «Sufficit gratia mea» կարգախօսին, նաեւ ցաւով յատկանշուած վերջին ժամերուն
Քահանայապետը հեռագիրը աւարտեց վստահութիւն արտայայտելով` որ «Օգնական Տիրամօր առաջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ սուրբերուն ու երանելիներուն զոր ան առաջնորդեց խորաններու պատուոյն, Կարդինալ Ամաթոն «ընկալուի երկնքի յաւիտենական փառքին մէջ» ապա իր օրհնութիւնները փոխանցեց բոլոր անոնց` որոնք կը կիսեն անոր մահուան կսկիծը։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, թէ ննջեցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի 2 Յունուարին, ժամը երկուին, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ նախագահութեամբ Կարդինալական դասի աւագերէց Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէյին մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի գլխաւորէ թաղման կարգը։
Յայտնենք` որ Կարդինալ Ամթոյի մահով կարդինալական դասը կազմուած կը համարուի 252 կարդինալներէ , որոնցմէ 139 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ իսկ 113ն ոչ ընտրող։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ