Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Morte e Trasfigurazione
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
++ Alfieri, rischio per il Papa � la sepsi ++

Բժիշկ Ալֆիերի. Քահանայապետը կ՛արձագանքէ բուժական դարմանումներուն, բայց անոր կեանքը տակաւին վտանգէ դուրս չէ

«Բժշկական տեղեկագիրերը կ՛ ամփոփեն այն բոլոր բաները, որ կ՛ըսեն մեր հետ միասին թիմի բոլոր գործընկերները, եւ ետքը Սրբազան Քահանայապետի համաձայնութեամբ մենք նորութիւնները կը հաղորդենք աշխարհին։ Եւ Ան կ՛ուզէ որ մենք միշտ ճշմարտութիւնը ըսենք։ Ինքն է, որ մեզմէ խնդրեց որ ըսենք. «ես գիտակից եմ, որ տարեց մարդ եմ և խրոնիկական խնդիրներ ունիմ»։ Նոյնիսկ եթէ ան ապաքինուի, ազմադիք ցնցղատապը եւ թոքաբորբը կը մնան։ Քրոնիկ հիւանդութիւնը կը մնայ» հաստատեցին բժիշկները ճեպազրոյցի ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` Ուրբաթ 21 Փետրուար 2025ի երեկոյեան ժամը 17,30ին, Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ, ուր խնամքի ենթարկուած է Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ 14 Փետրուարէն սկսեալ, տեղի ունեցաւ Անոր առողջական վիճակի մասին ճեպազրոյց, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան բժիշկներ` Սերճօ Ալֆիերի` Gemelli-ի հիւանդանոցի բժշկական-վիրաբուժական բաժանմունքի տնօրէն և հիւանդանոցի բժշկական թիմի ղեկավար եւ բժիշկ Լուիճի Քարպոնի, Վատիկանի առողջապահութեան բաժնի տնօրէնի տեղակալ և Սրբազան Քահանայապետի բժիշկ։

Ճեպազրոյցը տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան Ճեմելլի հիւանդանոց մուտքէն ճիշտ մէկ շաբաթ ետք։

«Բժշկական տեղեկագիրերը կ՛ ամփոփեն այն բոլոր բաները, որ կ՛ըսեն մեր հետ միասին թիմի բոլոր գործընկերները, եւ ետքը Սրբազան Քահանայապետի համաձայնութեամբ մենք նորութիւնները կը հաղորդենք աշխարհին։ Եւ Ան կ՛ուզէ, որ մենք միշտ ճշմարտութիւնը ըսենք։ Ինքն է, որ մեզմէ խնդրեց որ ըսենք. «ես գիտակից եմ, որ տարեց մարդ եմ և խրոնիկական խնդիրներ ունիմ»։ Նոյնիսկ եթէ Ան ապաքինուի, ազմաթիք ցնցղատապը եւ թոքաբորբը կը մնան։ Քրոնիկ հիւանդութիւնը կը մնայ» հաստատեցին բժիշկները ճեպազրոյցի ընթացքին։

Ալֆիերին ի միջի այլոց բացատրեց թէ ինչ հետաքննութիւններ կատարուեցան ու թէ Սրբազան Պապը կը տառապի բազմամանրէային վարակէ մը... ան 88 տարեկան տարեց մըն է եւ դիւրաբեկ հիւանդ է։ Ենթարկուած է բուժական դարմանումի մը, որ բարդ է եւ ուշադրութեան կը կարօտի...եւ այս մէկը դիւրին գործ չէ մեզի համար։ «Ուստի, հարցումին` թէ Սրբազան Պապին կեանքը վտանգէ դուրս է։ Պատասխանը ոչ է» ըսաւ բժիշկ Սերճօ Ալֆիերին։ Բայց նաեւ աւելցուց թէ իրենք ամէն ջանք կը դափեն որպէսզի բարելաւուի անոր առողջական վիճակը ու ինք կարողանայ Սանթա Մարթա վերադառնալ, թէեւ այս մէկը չի նշանակեր թէ ան կարող է վերջնականապէս եւ ամբողջութեամբ շրջանցել հիւանդութիւնը, որովհետեւ այս մէկը «Քրոնիկ» հիւանդութիւն է։

Բժիշկ Աեֆիերի հաստատեց հուսկ թէ Նորին Սրբութիւնը հիւանդանոց կը մնայ «առ նուազն մինչեւ եկող շաբաթավերջ» ՝ եւ այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է, մինչև որ դադրի հիւանդանոցային խնամքին անհրաժեշտութիւնը։«Բազմամանրէային վարակի» զոհ դարձած Քահանայապետին թոքերը գերբնակուած են «ժահրերով եւ մանրադիտային միջատներով», որոնք կը բարդացնեն բուժումը և կը պահանջեն համապատասխան խնամք։

Ալֆիերին նշեց նաեւ որ Քահանայապետը, ինքզինք չխնայող մարդ է, որ շատ կ՜աշխատի ու թէ հիւանդանոցին մէջ եւս կը շարունակէ իր աշխատանքները, կարողութիւններուն համաձայն։ Ան առանցին կը շնչէ եւ չէ կապուած գործիքներու։

«Ան կը շարունակէ կատակասէր ըլլալ» պատմեց ապա բժիշկ Ալֆիերին նշելով, թէ ինչպէս անցեալ օր երբ անոր ըսած է. «Բարի լոյս Սրբազան Հայր», ինք պատասխանած. «Բարի լոյս սրբազան որդի»։

Քահանայապետը գիտակից է, թէ իրավիճակը մտահոգիչ է բայց անոր սիրտը զօրեղ է ու խելքը վաթսուն տարեկանի մը խելքն է, ըսաւ ի միջի այլոց Ալֆիերին։

Ի վերջոյ, բժիշկները բացատրեցին, որ Պապը կը բուժուի «նման միւս բոլոր հիւանդներուն», և թէ Ան հանգստի կարիք ունի. «Անիկայ Պապ է, բայց նաև մարդ է»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2025, 18:46
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031