Papa Francesco ricoverato al Policlinico Gemelli

Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բժիշկներուն ու իրեն ուղղուած մօտիկութեան զգացումներուն համար. Աղօթեցէք ինծի համար

Մարեմեան աղօթքի առիթով հրատարակուած Քահանայապետին գրաւոր ողջոյնի խօսքին մէջ Ան ի միջի այլոց յիշեց սարկաւագներու Յոբելեանը, ինչպէս նաեւ վաղը յիշուող Ուքրանիոյ պատերազմի երրորդ տարեդարձը խնդրելով աղօթել խաղաղութեան համար
Ունկնդրէ Սրբազան Պապին հայող լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական իրավիճակին ի տես, 23 Փետրուարի Մարեմեան աղօթքը եւս չեղեալ յայտարարուելու հանդերձ  Քահանայապետի կամքով հրատարակուեցաւ ու տարածուեցաւ Անոր Մարեմեան աղօթքի հետ կապուած գրաւոր ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ Ան նախ կ՛ ակնարկէ առաւօտեան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ կայացած պատարագին ու սարկաւագներու ձեռնադրութեան արարողութեան ողջոյնը ուղղելով բոլոր անոնց` որոնք մասնակցեցան Սարկաւագներու Յոբելեանին ու այդ յոբելենական ձեռնարկները պատրաստող Վերատսեչութիւններուն։

«Սիրելի եղբայր սարկաւագներ, դուք ձեզ նուիրած էք Խօսքի հռչակման և գթութեան ծառայութեան. Ձեր ծառայութիւնը մատուցեցէք Եկեղեցւոյ մէջ խօսքերով և գործերով՝ բոլորին տանելով Աստուծոյ սէրն ու ողորմութիւնը։ Ձեզ կը խրախուսեմ ուրախութեամբ շարունակելու ձեր առաքելութիւնը և, ինչպէս կ՛առաջարկէ այսօրուայ Աւետարանը, ըլլալ սիրոյ նշան, որ կ՛ ընդգրկէ բոլորը, եւ որ չարը կը փոխակերպէ բարիի և կը ստեղծէ եղբայրական աշխարհ մը: Մի վախնաք վտանգի ենթարկելու սէրը» գրուած է Սրբազան Պապին ողջոյնի խօսքին մէջ, ուր Ան ապա նշած է, թէ «վստահութեամբ կը շարունակեմ Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ անհրաժեշտ դարմանումը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հանգիստը։

«Շնորհակալ եմ Հիւանդանոցի բժիշկներուն, առողջապահական գործիչներուն ինծի ցուցաբերած ուշադրութեան համար ու նուիրումին որով կը կատարեն իրենց ծառայութիւնը հիւանդներուն» գրուած է միշտ Քահանայապետի գրաւոր ողջոյնի խօսքին մէջ։

Վաղը կը լրանայ Ուկրանիայի դէմ լայնածաւալ պատերազմի երրորդ տարին. ցաւալի և ամօթալի տարելից ողջ մարդկութեան համար: Նորոգելով իմ մօտիկութիւն նահատակ ուքրանացի ժողովրդին, կը հրաւիրեմ ձեզի յիշել բոլոր զինուած հակամարտութիւններու զոհերը և աղօթել խաղաղութեան պարգեւի համար Պաղեստինի, Իսրայէլի և ողջ Մերձաւոր Արևելքի, Միանմարի, Քիւույի և Սուտանի մէջ:

Այս օրերուն ինծի ուղղուեցան սիրոյ բազմաթիւ մաղթանքներ եւ յատուկէն ինծի տպաւորեցին մանուկներուն գծագրութիւնները։ Շնորհակալութիւն այս մօտիկութեան եւ կարեկցանքի աղօթքներուն համար որ ստացայ համայն աշխարհէն։ Բոլորդ կը յանձնեմ Մարիամին եւ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2025, 12:00