Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Կոչումներու համար աղօթքի Համաշխարհային 63րդ օրուան առիթով. «Յոյսի ուխտաւորներ` կեանքին նուիրումը»։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Յովսէփ աստուածահօր տօնին ու Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետական ծառայութեան սկիզբի 12րդ տարեդարձին օրը, հրատարակուեցաւ Նորին Սրբութեան Կոչումներու համար աղօթքի Համաշխարհային 63րդ օրուան պատգամը, որուն բնաբանն է «Յոյսի ուխտաւորներ` կեանքին նուիրումը»։
Վերոնշեալ օրը պիտի յիշատակուի 11 Մայիս 2025ին մինչ պատգամը կը կրէ 19 Մարտ 2025 թուականը եւ տրուած է Ճեմելլի հիւանդանոցէն, ուր Սրբազան Պապը այս օրերուն կը շարունակէ իր բուժման խնամքները։
Պատգամին մէջ Ան կը հրաւիրէ բոլորը դառնալու յոյսի ուխտաւորներ, սեփական կեանքը նուիրելու վեհանձնութեան ընդմէջէն։ Կոչումը Աստուածային պարգեւ մըն է, որ կը հրաւիրէ դուրս գալ մենք մեզմէ ծառայելու համար ուրիշներուն, ներկայացնելով յոյսը` զոր Աստուած ունի աշխարհին համար։
Ժամանակահատուածի մը ընթացքին որ բնորոշուած է անորոշութիւններով ու տագնապներով, Ֆրանչիսկոս Պապը կը խրախուսէ երիտասարդները ուրախութեամբ համապատասխանելու Աստուծոյ կանչին, գիտակցելով, որ իւրաքանչիւր կոչում, ըլլայ քահանայական, ըլլայ ընտանեկան կեանքի կամ ընկերային ծառայութեան, ուղեւորութիւն մըն է, դէպի լիակատար երջանկութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ երիտասարդները զատորոշելու իրենց կոչումը քաջութեամբ, դիմագրաւելով աղօթքին լռութիւնը, ունկնդրելու համար Աստուած։
Կոչումը պատասխան է տառապողին, լուսանցքի մէջ գտնուողի ճիչին, եւ իւրաքանչիւր կոչման ընտրանք պէտք է բաց ըլլայ յոյս ու լոյս տանելու առաքելութեան։
Հոգեւոր եւ հովուական առաջնորդներն ալ կանչուած են թիկունք կանգնելու երիտասարդներուն, ունկնդրութեամբ եւ համբերութեամբ, օգնելով անոնց Աստուծոյ նշանները ճանչնալու իրեն ուղեւորութեան մէջ
Ի վերջոյ Եկեղեցին` որպէսզի ըլլայ կենդանի եւ պտղատու, կարիքը ունի կոչումներու եւ Ֆրանչիսկոս Պապը կը խրախուսէ Տիրոջմէ հայցելու նոր մշակներ իր արտին համար։
«Աստուծոյ վրայ յոյսը` որ երբեք յուսախաբ չի թողուր կ՜առաջնորդէ քայլերն անոր որ Իրեն կը վստահի» կը հաստատէ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամի աւարտին հուսկ բոլոր երիտասարդները կը յանձնէ Սուրբ Կոյս Մարիամին, Կոչումներու մօր հովանիին, աղօթք խնդրելով նաեւ իր անձին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ