Սրբազան Պապը Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ. Կասեցուած է մեխանիկական օդափոխումը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Սրբազան Պապին բուժարանային պայմանները կը հաստատուին բարելաւման ընթացքի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը ընդհատած է ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը եւ նուազեցուցած է նաեւ բարձր հոսքի թթուածնային կիրարումի անհրաժեշտութիւնը։ Կը շարունակուին շնչառական ու շարժիչային ֆիզիոթերափիայի մէջ յառաջդիմութիւնները։ Այսօր առաւօտեան, Սուրբ Յովսէփի տօնին առիթով, Սրբազան Պապը մասնակցեցաւ համապատարագին։
Այս է 19 Մարտ 2025ի երեկոյեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութիւնը։
Ըստ բժիշկներուն՝ թոքերու վարակները վերահսկումի տակ են, թէև վերացուած չեն։ Բուժարանային վերլուծութեան արժէքները բնական են: Սրբազան Պապը կը շարունակէ մնալ առանց ջերմութեան.
Քահանայապետին օրը անցաւ թերափիայի, աղօթքի ու փոքր աշխատանքի գործունէութեամբ։
Այն ինչ կը հայի Սուրբ Շաբթուայ արարողութիւններուն տակաւին ոչ մէկ որոշում առնուած է։
Նկատի առնելով Ֆրանչիսկոս Պապի առողջական պայմաններու կայունութիւնը, բժշկական տեղեկագիրը նախատեսուած է յառաջիկայ շաբթուայ մէջ, մինչ Սուրբ Աթոռը պիտի շարունակէ տեղեկութիւններ ընծայել լրագրողներուն, եւ այս մէկը նախատեսուած է միւս օրը` ուրբաթ երեկոյեան ապա երկուշաբթի օր` 24 Մարտի երեկոյեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ