Սրբազան Պապին առողջութիւնը կայուն է փոքր բարելաւումներով
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Ֆրանչիսկոս Պապի բժշկական պայմանները կը մնան կայուն փոքր բարելաւումներու հետ միասին շարժիչային ու շնչառական տեսանկիւնէն։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը թարմացնելով անցեալ 14 Փետրուարէն Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապի առողջական վիճակի մասին լուրերը։
Սրբազան Պապը օրերը կ՛ անցնէ դեղորայքային դարմանումներով, շնչառական և շարժուն շարժողական ֆիզիոթերափիայի, աղօթքի և փոքր աշխատանքի միջև։
Ան ոչ մէկ այցելութիւն ընդունած է։ Գիշերները կասեցուցած է դիմակով մեխանիկական օդափոխումը զայն փոխարինելով բարձր հոսքով թթուածնային կիրառումով, իսկ ցերեկը աւելի նուազ կերպով կ՛ օգտագործէ բարձր հոսքերը։
Առ այժմ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը նախատեսուած է նախորդ կիրակիներուն նման, այսինքն միայն գրաւոր։ Եթէ նորութիւններ ըլլան Սուրբ Աթոռը պիտի հաղորդէ զանոնք վաղը։
Բժիշկները տակաւին ցուցումներ չի տուին անոր հիւանդանոցէն դուրս գալու մասին։ Յաջորդ բժշկական տեղեկագիրը սպասուած է երկուշաբթիէն ոչ առաջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ