Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Carillon de Westminster
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2023ի պատկեր մը. Մանուկներ որոնք խաղաղութիւն կը հայցեն 2023ի պատկեր մը. Մանուկներ որոնք խաղաղութիւն կը հայցեն 

Խաղաղութիւնը կը ծնի Ողորմութենէն. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետին պատգամը Սուրբ Աթոռի Գերագոյն Դատարանի «Penitenzieria Apostolica»-ի կողմէ կազմակերպուած Ներքին Ատեանի 35-րդ դասընթացին մասնակիցներուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

24էն 28 Մարտ 2025-ին Վատիկանի մէջ կայացած Սուրբ Աթոռի Գերագոյն Դատարանի «Penitenzieria Apostolica»-ի կողմէ կազմակերպուած Ներքին Ատեանի 35-րդ դասընթացին առիթով Սրբազան Քահանայապետը գրաւոր պատգամ մը յղած է անոր մասնակիցներուն, որուն մէջ ողջունած է բոլորը ու ակնարկած այս տարուայ թեմային, որ կը զուգադիպի քառասնորդաց շրջանի ու Սուրբ Տարուան եւ որպէս բնաբան ունի «Դարձի, ապաշխարութեան եւ Աստուծոյ ողորմութեան ընկալումի շրջան»։

«Աստուծոյ ողորմութիւնը տօնախմբելը, յատկապէս յոբելենական ուխտաւորներուն հետ, առանձնաշնորհում մըն է. Աստուած մեզ ողորմութեան սպասաւորներ դարձուց իր շնորհքով, պարգև, որ մենք կ՛ընկալենք, որովհետեւ մենք եղած ենք և ենք Անոր ներման առաջին հասցէատէրերը» գրած է Քահանայապետը ապա խրախուսած է բոլորը ըլլալու «աղօթքի մարդիկ», որովհետեւ «աղօթքի մէջ է որ մխրճուած են իրենց առաքելական ծառայութեան արմատները, որով իրենք կը շարունակեն Յիսուսին գործունութիւնը որ այժմ եւ միշտ կը կրկնէ «Ես ալ քեզ չեմ դատապարտեր։ Գնա եւ այսուհետեւ մի մեղանչեր» (Յովհ. 8,11)։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը մաղթած է նաեւ, որ Յոբելենական այս տարուայ ընթացքին Տիրոջ այդ ազատագրող խօսքը դարձեալ արձագանգէ համայն Եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի նորոգուին սրտերը։

«Խաղաղութիւնը եւս, որ այնքան կը սպասուի, կը ծնի Ողորմութենէն, նման յոյսին որ յուսախաբ չի թողուր» գրած է հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնելով դասընթացքի բոլոր մասնակիցներուն ապա զանոնք յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին անոնց շնորհելով իր օրհնութիւնները ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2025, 08:00
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031