Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Messa da Requiem, per soli, coro e orchestra
Ժամանակացոյց Փոտքասթ

Մամպերթի` սրտերը մաքրենք ցոլացնելու հանար Աստուծոյ սէրը եւ անոր ողորմութիւնը

Առաքելական Դատարանի Բարձրագոյն Ատեանի Վերատեսուչը գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքը
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրեր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 17 Մարտ 2025ի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար Սուրբ Վարդարանի աղօթքը գլխաւորեց Առաքելական Դատարանի Բարձրագոյն Ատեանի Վերատեսուչ` Կարդինալ Տոմինիք Մապերթին եւ աղօթքին սկիզբը Ան վերյիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակի օրուայ Մարեմեան աղօթքին խօսքերը հրաւիրելով «իր հետ միասին փառաբանութիւն մատուցելու Տիրոջ, որ երբեք մեզ չի թողուր եւ որ տառապանքի ժամանակ մեր մօտ կը դնէ մարդիկ, որոնք կը ցոլացնեն իր սիրոյն մէկ շողը։

«Մինչ կը միանանք աղօթքի մէջ Սրբազան Պապին ու Անոր դիտաւորութիւններուն համար, Տիրոջմէ հայցենք, Քառասնորդացի այս ժամանակահատուածին, բիւրեղացնելու մեր սրտերը, որպէսզի կարողանանք ցոլացնել, Անոր սիրոյն ու անոր ողորմութեան շող մը, յատկապէս մեր այն եղբայրներուն համար, որոնք աւելիով կարիքի մէջ են» ըսաւ ապա Կարդինալ Մամպերթին սկիզբ տալով աղօթքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, կղերական դասի անդամներ, Հռոմի Քուրիայի կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ, Սուրբ Պետրոսի յաջորդը յանձնելու Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։

Ուրախութեան Խորհուրդներու մասին խորհրդածութիւններէն ու վարդարանի տասնեակները աղօթելէն ետքը, արտասանուեցաւ Լիթանիան որմէ ետքը Կարդինալ Մամպերթին հայցեց Սուրն Հոգիին պարգեւները որպէս «օգնութիւն մեր տկարութեան, որովհետեւ, յարատեւելով հաւատքի մէջ, ատինք սիրոյ մէջ ու քալենք միասին, մինչեւ երանելի յոյսի նպատակակէտ»

«Oremus pro Pontifice» Քահանայապետին նուիրուած աղօթքէն ետքը Կարդինալ Մամպերթին ներկաները արձակեց անոնց շնորհելով իր օրհնութիւնները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2025, 08:00
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031