Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ռիեթիի ուխտաւորներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ տարին առիթ է աշխարհի համայն հաւատացեալներուն համար իրենց ուխտագնացութիւնը կատարելու եւ գալու Հռոմ` Վատիկան, դէպի Յոբելենական Սուրբ Դուռ։ Այս եղաւ նաեւ Իտալիոյ Ռիեթի քաղաքէն ժամանած ուխտաւորներուն պարագան, որոնց Նորին Սրբութիւնը ուզեց գրաւոր յատուկ պատգամ մը յղել, իր ողջոյնները փոխանցելով անոնց ու մաղթելով, որ Առաքեալներու դամբանին եւ Սուրբ Դռան անոնց կատարած այցելութիւնները` անոնց մէջ ամրապնդեն հաւատքը ու անոնց օգնեն, որ հասկնան Աստուծոյ սէրը` որպէս իսկական ուրախութեան աղբիւր։
Ան ապա հրաւիրեց այդ սէրը վկայել յատկապէս աւելիով դիւրաներկներուն, որ` «որպէս կենդանի բոց` ուժ տայ կեանքի ճանապարհին» եւ ըլլալու նաեւ «յոյսին վկաները» եկեղեցական ու գոյութենական տարբեր միջավայրերուն մէջ «սատարելու համար աւելի եղբայրական ու զօրակից աշխարհի մը կառուցումին»։
Սրբազան Պապը հուսկ բոլորին համար հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սրբուհի Վարվարայի մայրական հովանին` խնդրելով նաեւ որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ