Տիրոջ ներումը յոյսի աղբիւր է, քանի որ մենք միշտ կարող ենք մեր յոյսը դնել Անոր վրայ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
28 Մարտէն մինչեւ Կիրակի 30 Մարտ տեղի կ՛ունենայ Յոյսին նուիրուած Յոբելենական սուրբ տարուան ծիրէն ներս նախատեսուած մեծ ձեռնարկներէն վեցերորդը, որ նուիրուած «Ողորմութեան Միսիոնարներ» Քահանաներուն որոնք ընկերակցութեամբ իրենց հարազատներուն կը կատարեն իրենց յոբելենական ուխտագնացութիւնը։
Յոբելենական ուխտագնացութեան ծիրէն ներս նախատեսուած են զանազան հաւաքներ եւ աղօթքի պահեր, որոնց շարքին նաեւ Սուրբ Պատարագ զոր տեղի պիտի ունենայ վաղը` Կիրակի 30 Մարտին առաւօտեան ժամը 10ին, «Sant’Andrea della Valle» պազիլիքային մէջ նախագահութեամբ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-Վերատեսուչ` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի։
Վերոնշեալ Յոբելենական ուխտագնացութեան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը ուխտաւորներուն յղեց գրաւոր պատգամ մը, որուն սկիզբը նշեց` թէ ինք շատ կը ցանկանար անձամբ հանդիպիլ անոնց, յայտնելու համար իր երախտագիտութիւնը եւ քաջալերանքը, բայց ինչպէս գիտենք Նորին Սրբութիւնը տակաւին դարմանման դրոյթի մէջ կը գտնուի եւ կը շարունակէ իր հանգիստի ու խնամքի գործընթացը։
Դարձն ու ներումը երկու շոյանքներ են, որոնցմով Տէրը մեր աչքերէն կը սրբէ ամէն արտասուք
«Շնորհակալ եմ ձեզի, որովհետև ձեր ծառայութեամբ կը վկայէք Աստուծոյ հայրական դէմքը՝ անսահման մեծ սիրով, որ բոլորին կոչ կ՛ընէ դարձի և մեզ միշտ կը նորոգէ իր ներողամտութեամբ։ Դարձն ու ներումը երկու շոյանքներ են, որոնցմով Տէրը մեր աչքերէն կը սրբէ ամէն արտասուք. անոնք այն ձեռքերն են, որոնցմով Եկեղեցին մեզ կը գրկէ՝ մեղաւորներուս. Ոտքերն են, որոնց վրայ մենք կը քայլենք մեր երկրային ուխտագնացութեան ժամանակ» գրեց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ քաջալերելով զանոնք «իրենց խոստովանանքի ծառայութեան մէջ, ուշադիր ըլլալու ունկնդրութեան մէջ, պատրաստ ընկալելու և անընդհատ ուղեկցելու անոնց, որոնք կը ցանկան նորոգել իրենց կեանքը և վերադառնալ դէպի Տէրը»:
«Իր ողորմութեամբ, Աստուած կը փոխակերպէ մեզ ներսէն, կը փոխէ մեր սիրտը. Տիրոջ ներումը յոյսի աղբիւր է, քանի որ մենք միշտ կարող ենք մեր յոյսը դնել Անոր վրայ, ցանկացած իրավիճակին մէջ» կը նշէ ապա Ֆրանչիսկոս Պապի հաստատելով` որ «Աստուած մարդացաւ, որպէսզի աշխարհին յայտնԷ, որ երբեք մեզ չի լքեր»։
«Սիրելիներս, ձեզի կը մաղթեմ պտղաբեր ուխտագնացութիւն։ Սրտանց կ՛ օրհնեմ ձեր առաքելութիւնը, խնդրելով Անարատ Սուրբ Կոյսէն որ հսկէ ձեր վրայ՝ որպէս Ողորմութեան Մայր» եղան Նորին Սրբութեան պատգամին եզրափակիչ խօսքերը որոնց աւելցուց իրեն համար աղօթքի խնդրանք մը։
Պատգամը կը կրէ Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր ծիսական տօնի թուականը` 19 մարտ եւ տրուած է Ճեմելլի հիւանդանոցէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ