Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
2025.03.23 Saluto e Benedizione di Papa Francesco dal Policlinico Gemelli

Քահանայապետին առողջական վիճակը կայուն է թեթեւ բարելաւումներով։ Աղօթող է Միանմարի մէջ երկրաշարժի զոհերուն համար

Այսօր առաւօտեան հետեւեցաւ Քառասնորդացի մտածականին։ Տեղեկանալով Միանմարի մէջ պատահած աղէտալի երկրաշարժի մասին Սրբազան Քահանայապետը կ՛աղօթէ զոհերուն համար։ Ան ամէն օր կը մասնակցի մատրան մէջ մատուցուած համապատարագին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 28 Մարտին  կէսօրուայ ժամերուն Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը նորութիւններ ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առողջութեան ու ապաքինման գործընթացի մասին դիտել տալով, որ Անոր առողջական վիճակը կը մնայ կայուն թեթեւ բարելաւումներով շնչառական ու շարժիչային ինչպէս նաեւ խօսելու տեսանկիւնէն։ 

Կը շարունակուի թթուածնային բարձր հոսքի նուազումը, ըլլայ օրուան ընթացքին ըլլայ գիշերային ժամերուն։ Արեան քննութիւններուն չափանիշերը կանոնաւոր են։ 

Սրբազան Պապը օրը կ՛անցնէ դարմանական գործընթացքը փոխարինելով հանգիստի ու աշխատանքային գործունէութեան հետ։ Անոր ձեռքերուն կը հասնին բոլոր Վերատսեչութիւններէն թղթածրարներ, թէեւ առ այժմ չկան յատուկ այցելութիւններ։ Քահանայապետը կանոնաւոր կերպով կը հանդիպի հիւանդապահերուն, իր քարտուղարներուն ու ամենամօտ համագործակիցներուն հետ։ 

Այսօր առաւօտեան հետեւեցաւ Քառասնորդացի մտածականին։ Տեղեկանալով  Միանմարի մէջ պատահած աղէտալի երկրաշարժի մասին Սրբազան Քահանայապետը կ՛աղօթէ զոհերուն համար։ Ան ամէն օր կը մասնակցի մատրան մէջ մատուցուած համապատարագին։

Կիրակի օրուայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը պիտի հրատարակուի գրաւոր ձեւով, ինչպէս նախորդ կիրակիները։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2025, 12:45
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031