Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Լատիներէն ժամերգութիւն
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Մինամարի մէջ երկրաշարժ Մինամարի մէջ երկրաշարժ  (AFP or licensors)

Քահանայապետին մօտիկութիւնն ու աղօթքը Միանմարի երկրաշարժի զոհերուն ու Քորէայի հրդեհի թիրախներուն

Հրատարակուեցան յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող երկու հեռագիրներ ուղղուած Միանմարի, Թայլընտի եւ քորէայի եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններուն, առաջին երկու երկիներուն մէջ պատահած աւերիչ երկրաշարժին համար ապա Քորէայի մէջ բռնկած ահեղ հրդեհին համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Խորապէս վշտացած Հարաւ Արեւելեան Ասիայի մէջ եւ յատուկ կերպով Միանմարի ու Թայլընտի մէջ պատահած Երկրաշարժի հետեւանքով կեանքերու կորուստին ու համատարած աւերածութեան համար, Սրբազան Քահանայապետը իր աղօթքները կը նուիրէ զոհերու հոգւոյն հանգստեան ու իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կ՛արտայայտէ բոլոր անոնց. որոնք թիրախ դարձան այս ողբերգութեան։ Սրբազան Պապը կ՛աղօթէ նաեւ շտապ օգնութեամբ զբաղող անձնակազմին համար». Այս կը կարդանք ուրբաթ 28 Մարտին Ֆրանչիսկոս Պապին անունով Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրի մը մէջ ուղղուած Միանմարի եւ Թայլընտի եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններուն, ի տես այդ շրջանին մէջ պատահած 7,7  ուժգնութեամբ աւերիչ երկրաշարժին, ոը պատճառեց հազարաւոր մահեր եւ անծայրածիր աւերներ։   Ցնցումները զգացուած են նոյնիսկ Չինաստանի մէջ։ 

Նոյն օրը հրատարակուեցաւ այլ հեռագիր մը, որ կը կրէ միշտ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը եւ ուղղուած է այս անգամ Քորէայի իշխանութիւններուն, որով կը յայտնուի «Ֆրանչիսկոս Պապին խոր մտահոգութիւնը ի տես Քորէայի տարբեր վայրերուն մէջ բռնկած հրդեհներուն, որոնք կը սպառնան մարդոց կեանքին ու կը յառաջացնեն վնասներ։ 

«Մահացածներու հոգիները վստահելով Ամենակալ Աստուծոյ ողորմած սիրոյն, Սրբազան Քահանայապետը իր ցաւակցութիւնները կը փոխանցէ անոնց« որոնք կը սգան իրենց սիրելիները, աղօթք կը նուիրէ վիրաւորներուն ու շտապ օգնութեամբ զբաղողներուն, բոլորին վրայ հայցելով աստուածային մխիթարութեան, ապաքինման եւ ուժի օրհնութիւններ» գրուած է Քորէայի իշխանութիւններուն ուղղուած հեռագիրին մէջ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2025, 14:51
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031