Կարդինալ Տէ Տոնաթիս. Մարիամ, հոգատար մայր, յոյսի նշան անոնց համար որոնք կը հայցեն իր օգնութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի 18 Մարտին, 23րդ օրն ըլլալով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանին աղօթքը որ այս անգամ գլխաւորեց Աւագ Վերապահեալ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը որ աղօթքին սկիզբը հրաւիրեց աղերսել Մարիամին` Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան համար յիշեցնելով նաեւ որ վայը կը յիշատակուի Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր ծիսական տօնը ու Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետական ծառայութեան սկիզբը
«Եղբայրներ եւ քոյրեր, այս երեկոյ եւս, Սուրբ Վարդարանի աղօթքով, աղերսենք Մարիամին, հիւանդաց առողջութիւն, Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան համար։ Կը գտնուինք նաեւ Սուրբ Յովսէփի տօնի նախօրէին։ Գիտենք թէ որքան Ֆրանչիսկոս Պապը բարեպաշտութիւն ունի Սուրբ Յովսէփի նկատմամբ եւ այս տօնին օրը սկսաւ իր Պետրոսեան առաքելութիւնը։ Սուրբ Կոյսը` որ եզակի կերպով մասնակից դարձաւ Քրիստոսի Խաչի Խորհուրդին, կատարեալ խճանկարն է Եկեղեցւոյ Մայրութեան, որուն իւրաքանչիւր մկրտեալ կը համապատասխանէ։ Մայր խնամատար, կը շողայ որպէս յոյսի նշան, անոնց համար որոնք կը հայցեն իր օգնութիւնը» ըսաւ Կարդինալ Տէ Տոնաթիսը նախ քան Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, որուն այսօրուայ խորհրդածութիւնները նուիրուած էին Չարչարանքի Խորհուրդներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ