Քահանայապետին համար հայցենք ֆիզիկական առողջութիւն, աշխարհին համար խաղաղութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այս երեկոյ եւս կը հաւաքուինք աղօթքով Ֆրանչիսկոս Պապի հետ հաղորդութեան մէջ։ Անոր համար կը հայցենք ֆիզիկական առողջութիւն եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը։ Անոր հետ միասին Տիրոջմէ կը խնդրենք, որ այս աշխարհը վերագտնէ եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ուղին»։
Ուրպանեան Քահանայապետական Վարժարանի մեծաւոր Հայր Արմանտօ Նուկնեսի խօսքերն են ասոնք, որ հնչեցին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ուրբաթ 21 Մարտ 2025ի երեկոյեան ժամը 7,30ին, այնտեղ կայացած Սուրբ Վարդարանի աղօթքին սկիզբը, որ նուիրուած էր Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան եւ որուն խորհրդածութիւնները նուիրուած էին Տրտմութեան Խորհուրդներուն, այսինքն Յիսուսին աղօթքը եւ տագնապը ձիթենեաց պարտէզին մէջ (Ղուկ. 22,39-46), Խարազանումը (Մատթ. 27,24-26), Յիսուսին թագադրումը փշէ պսակով (Մատթ. 27,27-31), Յիսուսին դէպի խաչելութիւն ուղեւորումը (Յով. 19,16-27) ապա Յիսուսին խաչելութիւնը (Յով. 19,28-37)։
Վարդարանի հինգ խորհուրդներու վրայ խորհրդածելէն ու «հայր մեր» եւ «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքները կրկնելէն ետքը բոլոր հաւատացեալները միասին աղօթեցին լիթանիան ապա «Oremus pro Pontifice» Քահանայապետին նուիրուած աղօթքը։ Վարդարանի աղօթքին մասնակցեցան Կարդինալական դասի անդամներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, նորընծաներ, կրօնաւորուհիներ ու բազմաթիւ աշխարհական հաւատացեալներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ