Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Lauda Jerusalem, H 191
Ժամանակացոյց Փոտքասթ

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալը հիւանդներուն

Հիւանդներու ու առողջապահական գործիչներու յոբելենական սուրբ պատարագի աւարտին Նորին Սրբութիւնը անակնկալ կերպով ներկայացաւ հրապարակ նախ քան վերջին օրհնութիւնը եւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղուած ամպիոնէն պատարագիչ Գերապայծառին հետ միասին բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ապա տկար բայց յստակ ձայնով բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի կիրակի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 Ապրիլ 2025-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Հիւանդներու ու առողջապահական գործիչներու յոբելենական սուրբ պատարագի աւարտին զոր մատուցեց Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլան կարդալով այս առիթով Սրբազան Պապին պատրաստած քարոզը, Նորին Սրբութիւնը անակնկալ կերպով ներկայացաւ հրապարակ նախ քան վերջին օրհնութիւնը եւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղուած ամպիոնէն  պատարագիչ Գերապայծառին հետ միասին բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ապա տկար բայց յստակ ձայնով բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։

«Բարի Կիրակի բոլորիդ եւ շնորհակալութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը, եւ տրուած ըլլալով` որ անոր առաջին ողջոյնի խօսքը լսելի չէր եղած բոլորին անգամ մը եւս կրկնեց «Բարի Կիրակի եւ շնորհակալութիւն» մինչ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող հազարաւոր հաւատացեալները յուզումնալից ծափահարութեամբ ընկալեցին Քահանայապետը ու անոր ողջոյնի խօսքերը։

Այս առաջին անգամն էր որ Նորին Սրբութիւնը անցեալ 14 Փետրուարէն ասդին կը յայտնուէր Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ու առաջին անգամը, որ միշտ անցեալ 14 Փետրուարէն ասդին իր խօսքը կ՛ուղղէր այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներուն, որոնք մեծամասնութեամբ հիւանդներ ու առողջապահական աշխարհի պատկան անձեր էին, տրուած ըլլալով որ ճիշտ այս օրերուն կը նշուի անոնց յոբելեանը։ Յոբելեան որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որպէս հիւանդ, նախ իր բնակարանէն հեռուստակայանի միջոցաւ հետեւելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցուած սուրբ պատարագին ապա սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ դիմելով խոստովանանքի Խորհուրդին ու անցնելով Սուրբ Դռան տակէն, ինչպէս աւելի ուշ յայտնեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Նշենք` որ Սրբազան Պապը ողջոյնի խօսքէն ետքը անմիջապէս վերադարձաւ իր տունը, առանց կանգ առնելու հրապարակին վրայ ու սովորութեան համաձայն բարեւելու ներկաները։ Բայց եւ այնպէս պահը եղաւ իրապէս յուզիչ ու յոյս ներշնչող ու այս մէկը կարելի եղաւ նաեւ պատշաճ կլիմայի պատճառաւ, տրուած ըլլալով` որ այսօր Հռոմի մէջ եղանակը շատ մեղմ էր ու ջերմաստիճանը 18 աստիճանի մօտ էր։

Սուրբ պատարագի աւարտին խօսնակը նշեց` որ Ֆրանչիսկոս Պապը ի սրտէ կ՛ողջունէ բոլոր անոնք որոնք մասնակցեցան արարողութեան եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր առողջութեան համար դէպի Աստուած բարձրացած աղօթքներուն համար, յոյս յայտնելով որ յոբելենական այս ուխտագնացութիւնը առատ պտուղներ տայ։ Ան իր առաքելական օրհնութիւնները կը շնորհէ բոլորին։

Խօսնակը ապա թուարկեց ու ողջունեց այս առիթով աշխարհի տարբեր երկիրներէն ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2025, 11:59
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031