«Արեւելքէն այլ աստղ մը կը փայլի տիեզերական եկեղեցւոյ երկնակամարին մէջ». 27 Փետրուարը դարձաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի օր։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
27 Փետրուար թուականը այսօրուընէ սկսեալ խորհրդանշական օր մը դարձաւ որ միայն հայ ազգի զաւակներուն համար այլ համայն կաթողիկէ աշխարհին համար, որ այս տարուընէ սկսեալ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին տնօրէնութեամբ սկսաւ յիշատակել Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2015-ին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին ծիսական տօնը, որ անցեալ 2 փետրուարին հրապարակուած
Քահանայապետական հրամանագիրով ներառուեցաւ Արեւմտեան Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական տօնացոյցին մէջ:
27 Փետրուարը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի օր
27 փետրուար 2021-ին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնին առաջին յիշատակութեան առիթով հովանաւորութեամբն Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին ու Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդին եւ համագործակցութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութեան, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին, եւ առնըթերակայութեամբ Քրիստոնեաներու միութեան խթնման Քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար՝ գերապայծառ Պրայըն Ֆարրելին եւ Ւսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ ու Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական պատուիրակ Արհ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիյանին։
Պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ
Սուրբ Զոհին ներկայ գտնուեցան շատ փոքր թիւով մասնակիցներ, ի տես համաճարակին ստեղծած իրավիճակին ու անոր կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած դրութիւններուն։ Ներկաներուն շարքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արեւմտեան Եւրոպայի առաքելական պատուիրակ՝ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը ու առաքելական եկեղեցւոյ անդամ այլ կղերականներ, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Հայր Նարեկ Վրդ Նաամոյան իր եղբայրակից այլ Քահանաներու հետ միասին, Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի ժառանգաւորները, որոնք ապահովեցին նաեւ Սրբազան Արարողութեան երգեցողութիւնը, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան մեծաւոր Մայրը՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան իր միաբանակից քոյրերուն հետ, Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպան Տիկ Ծովինար Համբարձումեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Տիար Կարեն Նազարեանն ու երկու դեսպանութիւններու անձնակազմի անդամները ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար մի քանի հիւր լրագրողներ։
Քարոզը՝ Արեւելքէն այլ աստղ մը կը փայլի տիեզերական եկեղեցւոյ երկնակամարին մէջ
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Կարդինալ Սանտրին յատուկէն շեշտը դրաւ օրուան տօնի նշանակութեան վրայ։
«12 ապրիլ 2015-ին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նախագահուած պատմական արարողութենէն գրեթէ վեց տարիներ ետք, Վատիկանեան պազիլիքան այսօր դարձեալ կը լսէ հայկական աւանդութեան թանկարժէք շարականները, որոնք կը հնչեն անոր կամարներուն մէջ» ըսաւ Կարդինալ Սանտրին ու յիշեց նաեւ 2001-ին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէկ խորշի մէջ զետեղուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հսկայական արձանը, հայ ազգի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով հաստատելով, որ «Այժմ արեւելքէն այլ աստղ մը կը փայլի տիեզերական եկեղեցւոյ երկնակամարին մէջ. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին»։
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը ակնարկեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին 2016-ին Հայաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ու անոր վերջերս կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ հաշտութեան ի նպաստ ուղղած կոչերուն ու ներկաներէն խնդրեց, որ աղօթեն Քահանայապետին համար իր Իրաք կատարելիք ճամբորդութեան նախօրեակին։
Ան ապա աւելցուց թէ Սուրբ Գրիգոր այսօր մեզ կը հարցաքննէ եթէ կ՛ուզենք ըլլալ միայն անունով քրիստոնեաներ, հինաւուրց աւանդութեամբ թէ կ՛ուզենք աշակերտել քրիստոսին ինչպէս ըրաւ Ինք Նարեկացին դառնալով իմաստութեան վարդապետութեան ուսուցիչ։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին իր վկայութեամբ որպէս վարդապետ մեզի կը սորվեցնէ թէ իսկական իմաստութիւնը կը կայանայ աշակերտ մնալու մէջ, գիտնալով պատմութեան իւրաքանչիւր իրադրութիւնը ապրիլ Յիսուսին հետ ու անոր համար», ըսաւ Կարդինալ Սանտրի հուսկ ճառին աւարտին հայցեց Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը «Հայաստանի համար այս իրարանցումի եւ նեղութեան օրերուն», ըսաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը ու քարոզը եզրափակեց Նարեկացիին Տիրամօր նուիրուած աղերսական աղօթքով։
Համամիութենական աղօթքը
Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած պատարագի աւարտին Սուրբ Զոհին ներկաներուն միացան նաեւ Հռոմաբնակ հայորդիներու փոքր խումբ մը, ապա բոլորը միասնաբար ուղղուեցան Վատիկանի պարտէզներուն մէջ 2018-ին զետեղուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանին մօտ, ուր տեղի ունեցաւ Համամիութենական աղօթք նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արեւմտեան Եւրոպայի առաքելական պատուիրակ Գերաշ. Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին ու ներկայութեամբ Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Քիւրդ Քոխին։
Թարգմանչաց շարականը, Նարեկացիին աղօթքը, վասն միութեան սուրբ գրային ընթերցումները
Աղօթքը սկիզբ առաւ Թարգմանչաց շարականով, որուն յաջորդեց Ընթերցուածի ընթերցումը քաղուած Պօղոս առաքեալի Կորընթացներուն ուղղած նամակի 12 գլուխէն (4-11 համարներ) ուր առաքեալը կը հաստատէ « Թէպէտ հոգեւոր պարգեւներու տեսակներ կան, սակայն Հոգին նոյնն է։ Պաշտօններու տեսակներ կան, սակայն Տէրը նոյնն է։Գործերու տեսակներ կան, սակայն նոյն Աստուածն է որ կը գործէ ամէն բան, ամէնուն մէջ»։ Հուսկ ընթերցումը կատարուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած Աւետարանական հատուածին (Յովհ 15, 9-17) ուր Յիսուս կը յորդորէ մնալ իր սիրոյն մէջ,
պահելով Հօր պատուիրանները եւ «սիրել զիրար ինչպէս ինք սիրեց մեզ»։
Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք արտասանուեցաւ Նարեկացիին Բան 53 էն քաղուած աղօթքը.
Հուրն ցօղ իմն է զովական, եւ անձրեւն` բոց կիզանողական։
Զքարն բաւես ցուցանել կերպարան ազդման,
Եւ զբանականն դնես անխօս եւ անշունչ արձան,
Զպարտաւորն ողոքեալ պատուական առնես,
Եւ զկարծեցեալն մաքուր` իրաւամբք քննեալ դատիս,
Զմատուցեալն ի մահ` բերկրութեամբ բարեաց արձակես,
Եւ զամաչեցեալն` զուարթ տեսութեամբ օծեալ դարձուցանես,
Կանգնես զմատնեալն խաղբից գլորման
Եւ զսասանեալն` ի վստահութիւն վիմին հաստատես,
Զախտացեալն բազմահառաչ` երջանիկ կարգես,
Եւ զյառաջատեալն դարձեալ անդրէն յետս նահանջես։
Մաղթանքի եւ աղերսանքի աղօթքներէն ետք Գերաշ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը ընթերցեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին բարեխօսութիւնը հայցող աղօթքը հուսկ երգեցուեցաւ Նարեկացիին նուիրուած շարականը ու արտասանուեցաւ Հայր մեր աղօթքը, որմէ ետք Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը եւ Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիյան միասնաբար օրհնեցին ներկաները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ