Որոնել

Անոնք` որոնց ձեռքերուն մէջ է աշխարհին ճակատագիրը մեզ թող փրկեն պատերազմի սարսափներէն. Կարդինալ Փարոլինի կոչը։

Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարը Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի յարձակումէն ետք յոյս կը յայտնէ` որ տակաւին ժամանակ կայ բարի կամքի եւ բանակցութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժին

Ի տես Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած եւ հակամարտութեան վերածուած իրավիճակին, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Վատիկանի լրատուամիջոցներուն փոխանցեց հետեւեալ յայտարարութիւնը։

«Ուքրանական տագնապին այսօրուայ զարգացումներուն իր տես, առ աւելի յստակ եւ սրտառուչ կը դառնան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը, զոր ան արտասանեց երէկուայ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին։

Սրբազան Պապը ակնարկեց «մեծ ցաւին», «տառապանքին ու մտահոգութեան»։ Եւ բոլոր ներգրաւուած կողմերը հրաւիրեց «զերծ մնալու որեւէ արարքէ, որ աւելի մեծ տառապանք կը պատճառէ ժողովուրդներուն», կը «ապակայունացնէ խաղաղ համակեցութիւնը» եւ «կը վարկաբեկէ միջազգային իրաւունքը»։

Այս կոչը աւելի հրատապ կը դառնայ Ուքրանական հողին վրայ ռուսական զինուորական գործողութիւններուն սկիզբէն ետք։ Այն ողբերգական տեսարանները, որոնցմէ վախ ունէինք բոլորս, դարձած են իրականութիւն։

Բայց տակաւին ժամանակ կայ բարի կամքի, տակաւին առիթ կայ բանակցութեան, տակաւին տեղ կայ իմաստութեան գործադրութեան, որ կը կանխարգիլէ մասնակի շահերու գերակայութիւնը, կը պաշտպանէ բոլորին օրինական նկրտումները և կը խնայէ աշխարհը պատերազմի խելագարութիւնէն ու սարսափներէն։

Մենք հաւատացեալներս չենք կորսնցներ խղճի շողի մը յոյսը` անոնց մէջ որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ ունին աշխարհին ճակատագիրը: Եւ պիտի շարունակենք աղօթել եւ ծոմ պահել – այս մէկը պիտի ընենք յառաջիկայ մոխրոց չորեքշաբթի օրը – ի նպաստ Ուքրանիայի եւ համայն աշխարհի խաղաղութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2022, 15:00