Որոնել

Կարդինալ Պեչչու Կարդինալ Պեչչու 

Կարդինալ Պեչչուն կը մասնակցի յառաջիկայ Կարդինալական հաւաքին։

Ծիրանաւորը 2020-ի սեպտեմբեր ամսոյն մէջ հրաժարական ներկայացուցած էր Կարդինալական բոլոր իրաւունքներէն, ի տես իր դէմ յարուցած եւ տակաւին ընթացքի մէջ եղող դատական գործընթացին, կապուած Սուրբ Աթոռի կողմէ Լոնտոնի մէջ շէնքի մը վաճառման խրթին եւ յստակացումներ պահանջող գործողութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 27 օգոստոս 2022-ին նախատեսուած` նոր կարդինալներու ստեղծումին Կարդինալական ընդհանուր հաւաքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Կարդինալ Անճելօ Պեչչուն։ Ան պիտի մասնակցի նաեւ Հռոմի Քուրիայի բարեփոխումներու նիւթին յատկացուած կարդինալներու ժողովներուն։ Լուրը յայտարարեց նոյնինքն Կարդինալ Պեչչուն` Իտալիոյ Սարտենիա կղզիի «Golfo Aranci» շրջանին մէջ անցեալ կիրակի օր մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին յայտնելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապը իր հետ հեռաձայնային կապ պահելով զինք հրաւիրած է մասնակցելու վերոնշեալ հաւաքներուն։

Յայտնենք թէ Ծիրանաւորը 2020-ի սեպտեմբեր ամսոյն մէջ հրաժարական ներկայացուցած էր Կարդինալական բոլոր իրաւունքներէն, ի տես իր դէմ յարուցած եւ տակաւին ընթացքի մէջ եղող դատական գործընթացին, կապուած Սուրբ Աթոռի կողմէ Լոնտոնի մէջ շէնքի մը վաճառման խրթին եւ յստակացումներ պահանջող գործողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2022, 08:05