Սկիզբ առաւ Սինոդի երկրորդ փուլը․ «Եկեղեցւոյ մէջ ոչ ոք իրեն պէտք է զգայ բացառուած կամ ոչ լսելի»
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Անցեալ ուրբաթ օրը, Օգոստոսի 26-ին Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ նախաձեռնուած և 2021 թուականի հոկտեմբերէն սկիզբ առած սիւնհոդոսական ուղեւորութեան երկրորդ փուլ՝ տարածաշրջանային փուլը, որուն աւարտը նախատեսուած է 2023 թուականին՝ Վատիկանի մէջ գումարուելիք ընդհանուր սիւնհոդոսով ։
Առանցքային նպատակը, իւրաքանչիւրի ձայնը լսելի դարձնելն է
Գլխաւոր զեկուցող` կարդինալ Ժան-Քլոտ Հոլլերիխը (COMECE-ի՝ Եւրոմիութեան կաթողիկէ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու յանձնաժողովի նախագահ) և Սինոդի գլխաւոր քարտուղար` կարդինալ Մարիօ Կրեքը՝ տեղակալներու հետ միասին, լրագրողներու մեծ լսարանի ներկայութեամբ, ներկայացուցին աշխարհի հինգ մայրցամաքներու բոլոր թեմերու կողմէ ստացած ամփոփագիրերը՝ առանձնացնելով տառապող երկիրներու ցանկը, որոնց շարքին են Ուքրանիան, Նիքարակուան եւ Կենտրոնական Ափրիկէն։
Կենդանի եկեղեցի
Բանախօսները նշեցին, որ թէև դեռևս ուսումնասիրութեան կարիք կայ, բայց մէկ բան այլևս շատ յստակ է՝ Աստուծոյ ժողովուրդի մեծ և խանդավառ մասնակցութիւնը սիւնհոդոսականութեան գործընթացին մէջ։ Հսկայական քանակութեամբ փաստաթուղթերէն ակնյայտ դարձած է նաև «կենդանի եկեղեցւոյ դէմքը, որն ունի վաւերականութեան և բուժումի կարիք»։
Սիւնհոդոսականութեան երկրորդ փուլի հիմքը լսելի ըլլալն է
Լսելի ըլլալը սիւնհոդոսականութեան երկրորդ փուլի հիմքն է, որուն վրայ աշխարհի թեմերը հոկտեմբեր 2021-էն՝ անոր մեկնարկէն ի վեր, աշխատած են և որը Ֆրանչիսկոս Պապը՝ յօդուածներու տեսքով ներկայացուցած է երեք փուլով, տեղական, տարածաշրջանային եւ տիեզերական, և «ներքևէն վեր» ներգրաւումով՝ այսինքն՝ սկսելով Աստուծոյ ժողովուրդէն։
Լսել եւ ոչ թէ ցնցում առաջացնել
Բանախօսները նշած են, որ իրենք եւս իրենց հերթին շատ բան սորված են։ Մասնաւորապէս կարդինալ Կրեքը դիտել տուած է․ «Ես տեսայ, որ Եկեղեցին կը քալէ տառապեալներու, աղքատներու և անտեսուածներու հետ: Եկեղեցին կը ստանձնէ մարդու բեռներն ու մարտահրաւէրները: Եկեղեցի, որ եղբայրական է, քանի որ, սիւնհոդոսականութիւնը և եղբայրութիւնը նոյն մետաղադրամի երկու կողմերն են»։
Մինչդեռ կարդինալ Հոլլերիխը՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցադրումներուն առ այն, թէ արդեօք Սինոդը կրնայ ցնցումներու ենթարկել Եկեղեցին, շեշտած է. «Մեր խնդիրը ոչ թէ ցնցում առաջացնելն է Եկեղեցիէն ներս, այլ լսել, թէ ինչ կ՛ըսէ Աստուծոյ ժողովուրդը: Զատորոշում մը, որ միայն մերը չէ , այլ՝ եկեղեցական»:
Այնուհետև ընդհանուր զեկուցողը հրաւիրած է «ազնիւ ըլլալ մէկ միւսին հետ», նշելով, որ «Եկեղեցւոյ մէջ կայ աջ ու ձախ, բայց իմ պատկերն այն է, որ մենք կը քալենք Քրիստոսի հետ»։ Ան ապա աւելցուցած է, որ անհրաժեշտ է «սիւնհոդոսական դարձ», որպէսզի շահերն ու գաղափարները յաղթահարուին՝ յօգուտ ունկնդրութեան, ծառայութեան եւ զատորոշումի։
Միասեռականներու նկատմամբ վերաբերմունքը
Բանախօսները մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած են նաև միասեռականներու նկատմամբ Եկեղեցւոյ վերաբերմունքին՝ անգամ մը եւս ընդգծելով, որ․«Եկեղեցւոյ մէջ ոչ ոք իրեն չպէտք է զգայ բացառուած կամ ոչ լսելի»։ «Այս գործընթացի մէջ կարևորը ոչ թէ վարդապետութեան փոփոխութիւնն է, այլ ունկնդրութիւնը։ Բոլորին մտիկ ընելը։ Անձերու տառապանքը լսելը», «նաև եպիսկոպոսին մտիկ ընելը», քանի որ վտանգը կը կայանայ երկու կողմերու մենախօսութեան մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ