Վատիկանի մէջ Յիսուսի սուրբ ծննդեան տօնին Մսուրը նուէրն է Ֆրիուլի քաղաքին եւ տօնածառը Ապրոցօ մարզին։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
2022 թուականին Յիսուսի սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուելիք մսուրը նուէրն է Սութրիօ քաղաքին ու տօնածառը Ապրուցօ մարզին։
Մսուրը պարգեւն է Ուտինէ մարզի Սութրիօ քաղաքին, մինչ 30 մթ բարձրութեամբ տօնածառը, Ապրուցօ մարզի, 182 բնակիչներէ կազմուած, Ռոսելլօ անուան լեռնային փոքրիկ գիւղին։
Մինչ՝ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, այս տարուան մսուրը նուէրն է, Կուաթամալա պետութեան, որ շինուած է Կուաթեմալայէն կարգ մը արուեստագէտներու ձեռքով, յարգելով երկրին աւանդութիւնները ու սովորութիւնները։
Մսուրի եւ Տօնածառի լուսաւորման արարողութիւնը
Մսուրի աւանդական բացումն ու Ծննդեան տօնածառի լուսաւորումը տեղի պիտի ունենան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, շաբաթ, 3 դեկտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 5ին, նախագահութեամբ, Վատիկանի պետութեան կառավարիչ Կարդինալ Ֆերնանտօ Վերկեզ Ալզական ընկերակցութեամբ ընդհանուր քարտուղար Քոյր Ռաֆայելլա Փեթրինիի։
Շաբաթ, 3 դեկտեմբերին, առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ կ՝ընդունի, Սութրիօ, Ռոսելլօ քաղաքաքներու եւ Քուաթեմալայէն ժամանած պատուիրակութիւնները, մսուրի եւ տօնածառի պարգեւներու ներկայացումին առիթով։
Կիսակլոր փայտերով շինուած մսուրին մէջ կը զետեղուին սուրբ ընտանիքի անդամներու արձանները, մինչ մսուրէն դուրս պիտի դրուին բնական մեծութեամբ անձնաւորութիւններ։
Արձանները շինուած եւ փորագրուած են Մայրենի ծառէն առնուած փայտերով, ամբողջութեամբ յարգելով շրջակայ միջավայրի կանոնները։
Մինչ սպիտակ եղեւնին կը բերուի Իտալիոյ Ապրուցօ մարզին Ռոզելլօ գիւղէն, ուր ցանուած եւ պահպանուած են սպիտակ գոյնով եղեւնիներ, որոնց շարքին 54 մթ բարձրութեամբ ամենէն մեծ եղեւնին։
Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Տօնածառն ու մսուրը պիտի ցուցադրուին մինչեւ Սուրբ Ծնունդի տօնին աւարտը, որ կը համընկնի Յիսուսի Մկրտութեան տօնին հետ, կիրակի 8 յունուար 2021։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ