Որոնել

1667547470122.JPG
Խմբագրական

Պատերազմի հայհոյանքին «ոչ» ըսող հաւատացեալներ

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը Պահրէյնի մէջ, Արևելքի և Արևմուտքի միջև երկխօսութեան և համակեցութեան ֆորումի աւարտին.
Ունկնդրէ լուրը

Անտրէա Թոռնիելլի - Վատիկան

3էն մինչեւ 6 նոյեմբեր Ֆրանչիսկոս Պապը կը գտնուի Պահրէյնի մէջ, ուր ուրբաթ` 4 նոյեմբերին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Bahrein Forum for Dialogue» ձեռնարկին, որուն առթիւ արտասանած ճառին վրայ հիմնուելով, Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէնը, Տիար Անտրէա Թոռնիելլին, հրապարակեց խմբագրական մը, մասնաւորապէս շեշտը դնելով Նորին Սրբութեան պատերազմի դէմ հնչեցուցած դատապարտական խօսքերուն վրայ։

«Այստեղ Աուալիի մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը դարձեալ խնդրեց, որ վերջ դրուի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին» գրեց Տիար Թոռնիելլի նշելով, թէ ինչպէս Ծոցի այս կղզին հեռու է Արեւելեան Եւրոպայէն բայց մօտիկ է Եմենին, ուր տեղի կ՛ունենայ Երրորդ Համաշխարհային պատերազմի մէկ մասը, որ մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Թոռնիելլի նշեց նաեւ թէ «Ֆրանչիսկոսը կ՛ ընդգծէ հակադրութիւնը, ուր մէկ կողմէն աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը կը տառապի սովէն, անարդարութենէն, բնապահպանական ճգնաժամերէն և համաճարակներէն եւ միւս կողմէն, կան «մի քանի հզօրներ», որոնք կը խաղան կրակի հետ՝ կենտրոնանալով իրենց շահերու համար պայքարի վրայ և վերակենդանացնելով հին լեզուները, «վերագծելով ազդեցութեան գօտիները և հակադիր խմբաւորումները»։

«Տասնամեակներու երկխօսութիւն և բացուածք, տասնամեակներու քայլերը դէպի միջազգային յարաբերութիւններու կառուցում, որոնք այլևս ամենազօրաւորի օրէնքով և հին ռազմական դաշինքներու հիման վրայ չէին կառավարուիր, կարծես թէ այժմ հալած և անհետացած են նման արեւի տակ ձիւնի» դիտել կու տայ Անտրէա Թոռնիելլին, մատնանշելով, որ Սրբազան Քահանայապետը պատահածը կ՛որակէ  «ողբերգութեան աստիճան մանկամիտ տեսարան մը», ուր փոխանակ մտածելու մարդկութեան ապագային,կան այնպիսիներ, որոնք «կը խաղան կրակի հետ, հրթիռներու եւ ռումբերու հետ, արցունքներ ու մահ պատճառող զէնքերու հետ»։

Լացն ու մահն այն տխուր հետևանքներն են, երբ իրար հետ երկխօսելու և զիրար հասկանալու փոխարէն կը շեշտուին հակադրութիւնները և շարունակուին «սեփական բռնապետական, կայսերապաշտական, ազգայնական և ժողովրդապաշտական ձեւերու տեսլականներու» պարտադրում։

«Տնտեսական և գաղափարական գաղութացումները կամ կայսերապաշտութեան​​վեհութեան հանդէպ կարօտախտը, կը խաթարեն խաղաղութիւնը, մեր բոլորին անվտանգութիւնը և աշխարհի ապագան» կը գրէ միշտ Թոռնիելլին իր խմբագրականին մէջ նշելով որ «Ֆրանչիսկոս Պապին Պահրէյնէն ուղղուած հրաւէրը անտարբեր չմնալն է։ Հրաւէր է լսելու «հասարակ ժողովրդին աղաղակը և աղքատներուն ձայնը»՝ դադրելով «մանիքէական ձևով տարբերակել, թէ ով է լաւը եւ ով է վատը», եւ ասոր փոխարէն ջանքեր գործադրել «իրար հասկանալու և համագործակցելու համար», բոլորի բարօրութեան ի նպաստ»։

Աշխարհի մը մէջ, որ դարձած է «համաշխարհային գիւղ», բայց առանց իւրացնելու «գիւղի ոգին», որուն յատկանիշը եղբայրութիւնն է, կրօնները պարտականութիւնն ունին ցոյց տալու խաղաղութեան ճանապարհը։ Հաւատացեալը, - պնդեց Հռոմի Եպիսկոպոսը այլ դաւանանքի քրիստոնեայ եղբայրներու, մահմետական հաւատքի և այլ կրօններու առաջնորդներու առջև, Ան է, որ կտրականապէս «ոչ» կ՛ըսէ պատերազմի հայհոյանքին և բռնութեան կիրառմանը» և դէմ է «Նոյնիսկ վերազինման մրցավազքին, պատերազմի գործերուն, մահուան շուկային»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2022, 14:00