Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ դարձեալ կը գործեն առողջապահական շարժական կեդրոնները
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Աղքատներու համաշխարհային 6րդ օրուայ կապակցութեամբ, որ պիտի նշուի կիրակի օրը՝ նոյեմբերի 13-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակը կրկին հիւրընկալած է անօթևաններուն և դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն անվճար բուժական օգնութիւն առաջարկելու ձեռնարկը, որ սկիզբ առած էր 2018-էն՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կամքով, և դադարեցուած էր 2020-ին՝ համավարակի պատճառաւ:
Առողջապահական շարժական կեդրոններու բացումը կատարեց Արքեպիսկոպոս Ռինօ Ֆիզիքելլան, որ Ռատիօ Վատիկան–Վատիկան նիւզին տուած իր հարցազրոյցին մէջ նշեց` թէ խօսքը մոռացուածներուն և անտեսուածներուն անհրաժեշտ բժշկական ծառայութիւն մատուցելն է, որոնք անտուն են և կ’ապրին առողջապահական վատ պայմաններու մէջ:
Բացումի արարողութեան մասնակցեցան նաև բազմաթիւ ուսանողներ, տարբեր բժշկական համալսարաններէ:
Նոյեմբերի 7-13-ը կը ցուցաբերուին շնչառական, սրտանօթային, ստամոքս-աղիքային, և շատ այլ հիւանդութիւններու բուժումին ուղղուած բազմապիսի ծառայութիւններ:
Ձեռնարկը կարևոր է նաև առողջութեան վերաբերեալ հանրային իրազեկութիւնը բարձրացնելու տեսանկիւնէն և յատկապէս կը նպաստէ, որ չքաւորները և տառատպեալները իրենց զիրենք միայնակ ու անտեսուած չզգան:
Շարժական բուժարաններու մէջ մէկ շաբաթ առողջապահական ծառայութիւններ կ’երաշխաւորուեն «CUAMM - Բժիշկներ Աֆրիկայի հետ» կազմակերպութեան կողմէ, որու՝ Իտալիոյ տարբեր անկիւններէ ժամանած բժշկական անձնակազմը, կգործէ հերթափոխով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ