Շարունակել երկխօսութիւնը յուսալով հակառակ բոլոր յոյսերու. Կարդինալ Փարոլինը Ուքրանիոյ պատերազմի վերաբերեալ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շարունակել երկխօսութիւնը յուսալով հակառակ բոլոր յոյսերու, հակառակ որ մինչեւ օրս Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար զարգացումներ չկան։ Խօսքերն են ասոնք զոր արտասանեց Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Ճորճօ Լա Փիրայի նուիրուած գիրքի մը շնորհանդէսի աւարտին պատասխանելով լրագրողներուն իրեն ուղղած հարցումներուն։
Ան անգամ մը եւս հաստատեց Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը ըլլալու կողմերու միջեւ հանդիպումի հարթակ. «Պատրաստ ենք, ըսաւ Ան, եւ այս մէկը ըսինք սկիզբէն ի վեր։ Կը հաւատանք, որ Վատիկանը կարող է պատշաճ վայր հանդիսանալ։ Փորձեցինք բոլորին նուիրել հանդիպումի մը կարելիութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ, պահպանել հաւասարակշռութիւնը։ Կարողացա՞նք Արդեօք ։ Դժուար է գիտնալը….մեր կամքն է տարածք մը տրամադրել, որուն մէջ կողմերը կարողանան հանդիպիլ եւ զարկ տալ երկխօսութեան առանց նախապայմաններու։ Անոնց կը մնայ որոշել աշխատանքի մեթոդաբանութիւնը եւ բովանդակութիւնը, մենք պատրաստ ենք» հաստատեց Վատիկանի ներկայացուցիչը։
Ան ապա նշեց, որ «Բոլոր բարի կամքի մարդիկը չեն կարող եթէ ոչ մաղթել երկխօսութիւնը։ Բայց ինչպէս ի յայտ կու գայ լրատուամիջոցներէն երկխօսութեան պայմաններ չկան։ Հակառակ ասոր պէտք է յարատեւել, յուսալով որեւէ յոյսէ անդին, որովհետեւ պատերազմը պէտք է վերջանայ, տարբեր պատճառներու համար, մանաւանդ ուքրանիոյ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան համար»։
«Մենք կ՛ուզենք խաղաղութիւն մը` ուր կը ծաղկին մարդկային իրաւունքները եւ արդարութիւնը, որովհետեւ խաղաղութիւնը արդարութեան գործ է» հաստատեց Ծիրանաւորը, որ ապա արտայայտուեցաւ Քահանայապետին արցունքներու մասին, անցեալ 8 դեկտեմբերի Անարատ Յղութեան տօնին օրը, Տիրամօր ոտքին արտասանած աղօթքին ընթացքին։
«Այդ եղաւ զօրեղ ժեստ մը, բազմաթիւ մարդիկ ազդուած մնացին...Սրբազան Քահանայապետը յուզուեցաւ պատահածին համար….Արցունքները շատ անգամ կարող են նաեւ հալեցնել կարծր սրտեր, բայց մինչեւ այժմ չկան զարգացումներ այդ ուղղութեամբ» նշեց Կարդինալ Փարոլինը։
Վատիկանի Պետական քարտուղարի երկխօսութեան բացուածքին դիմաց սակայն Մոսկուան արտայայտուեցաւ բացասական կեցուածքով։ Այս կը նշանակէ որ խաղաղութիւնը հաւանաբար տակաւին հեռու է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ