Որոնել

2023.01.03 Benedetto XVI al Patriarcato Armeno Cattolico durante il Viaggio Apostolico- Libano,15 settembre 2012

Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը եւ Հայ Եկեղեցին

Պենետիկտոս ԺԶ -ի վերջին յիշարժան հանդիպումը հայ եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն հետ հանդիսացաւ 2012-ի սեպտեմբերին, Լիբանան կատարած Ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան` Զմմառու դարաւոր Վանքին այցելութիւնը, զոր տեղի ունեցաւ 15 սեպտեմբեր 2012ին, եւ այդ առթիւ, Նորին Սրբութիւնը օրհնեց Յակոբ Մեղապարտի արձանը, հայ տպագրութեան ռահվիրան, որ 1512ին Վենետիկի մէջ հրատարակած էր տպագիր առաջին Հայերէն Գիրքը «Ուրբաթագիրքը»։

Վատիկան Նիուզ. - Հայկական Բաժանմունք 

Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը, իր 8 տարուայ քահանայապետութեան շրջանին, բազմաթիւ անգամներ առիթը ունեցաւ հանդիպելու հայ ժողովուրդի հաւատացեալներուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ Նուիրապետութեան անդամներուն հետ։

Անոր գահակալութեան օրը` 24 ապրիլ 2005ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, ներկայ էին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ներսէս Պետրոս ԺԹ երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Այցելութիւն` Պոլսոյ Հայ Առաքելական Սուրբ Կոյս Մարիամի Աթոռանիստ Եկեղեցի

28 Նոյեմբերէն - 1 Դեկտեմբեր 2006-ին, Թուրքիա կատարած իր առաքելական Ճամբորդութեան ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ առիթը ունեցաւ այցելելու Պոլսոյ Հայ Առաքելական Սուրբ Կոյս Մարիամի Աթոռանիստ Եկեղեցին, ու ներկայ գտնուելու ծիսական ժամասացութեան արարողութեան։

Նախքան մուտքը Եկեղեցի` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ներկայացուեցաւ, ըստ հայկական աւանդութեան, հաց, աղ եւ վարդի ջուր, որպէս բարեմաղթութեան ու բարի գալուստի խորհրդանիշ։ Մինչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ երգչախումբը լսելի կ՛ընէր «Հրաշափառ Աստուած» շարականը, յիշելով Հայ ժողովուրդի քրիստոնէութեան դարձը շնորհիւ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի։

Վատիկանի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի»' անուան ներքնաբակի բացում

Երկրորդ յիշարժան հանդիպումը տեղի ունեցաւ, 22 Փետրուար 2008-ին Վատիկանի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի»' անուան ներքնաբակի բացման արարողութեան առթիւ, որուն ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Պապը ի մէջ այլոց ըսաւ. «Նախախնամական առիթ մը այսօր, մեզի պատեհութիւնը կ՝ընծայէ իրարու հանդիպելու հոս` Սուրբ Պետրոս Առաքեալի գերեզմանին մօտ, յիշելու համար այլ ուրիշ մեծ Սուրբ մը, որուն անունը պիտի կրէ այժմ այս ներքնաբակը»։ Պենետիկտոս ԺԶ ապա յիշեց իր նախորդը` երջանկայիշատակ ՅՊԲ. ը, որ «հոս այս ներքնաբակին մէջ 2005-ին օրհնեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մեծադիր արձանը»։

«Այս Սուրբը աւելի քան տասնըութը դար առաջ, Հայ Ազգը դարձի բերաւ ու Հայերը եղան քրիստոնեայ աշխարհի առաջին ժողովուրդը, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ քրիստոնէութիւնը, որպէս Պետական կրօն։ Հայերու այս քայլը խորապէս յատկանշեց հայկական ինքնութիւնը, ոչ միայն անհատական, այլ` ազգային գետնի վրայ» ըսաւ այդ առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ որ ապա խօսքը եզրափակեց աղօթք խնդրելով Հայ Ժողովուրդին համար, «որպէսզի բարեխօսութեամբը իր այս երեւելի որդոյն, շարունակէ ընթանալ հաւատքի ճանապարհէն, եւ առաջնորդուի միշտ­, ինչպէս դարերու հոլովոյթին, Քրիստոսէն ու անոր Աւետարանէն»։

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վատիկանի մէջ

Մինչ 7 մայիս 2008-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կայացած չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան, ներկայ էր նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Սիրելի եղբայր ի Քրիստոս­, ամենախնամ Աստուծոյ Աջին օրհնութեամբ­, այսօր ահա կողք-կողքի կանգնած ենք, ամրացնելու եւ վկայութիւն տալու, մեր եկեղեցիներու միջեւ գոյացող` եղբայրական սիրոյն: Հաւատարիմ Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն եւ անոնց կտակին, հակառակ մեր տարբերութիւններուն եւ իւրայատկութիւններուն, հարկ է, որ մենք, առաւելապէս նկատի ունենանք եւ կարեւորութիւն տանք, այն կէտերուն` որոնք մեզ կը միացնեն իրարու: Յատկապէս հաճելի է մեզի հաստատել թէ սիրոյ հոգին եւ համագործակցութիւնը, Հայ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջեւ, կը գտնէ իր շօշափելի արտայայտութիւնը մեր օրերուն, համաձայն սաղմոսերգուին «Զի բարի կամ զի վայելուչ, զի բնակեն եղբարք ի միասին» (Սղմ. ՃԼԲ):

Այդ առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը յիշեց Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարի արտաքին մէկ որմախորշի մէջ զետեղուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մեծադիր արձանը ըսելով` «Հայ Ազգը մեզի կը յիշեցնէ իր կրած դաժան հալածանքները, մասնաւորապէս անցեալ դարուն։ Հայ Ազգի բազմաթիւ մարտիրոսները նշան են Սուրբ Հոգիին զօրութեան որ կը գործէ մռայլ ժամանակներուն եւ անոնք յոյսի երաշխաւորութիւն են՝ աշխարհի քրիստոնեաներուն համար»։

Պենետիկտոս ԺԶ Պապը Զմմառու վանքին մէջ
Պենետիկտոս ԺԶ Պապը Զմմառու վանքին մէջ

Արամ Ա. Վեհափառի հետ հանդիպում

24 Նոյեմբեր 2008-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Արամ Ա. Վեհափառի հետ միասին Վատիկանի ''Ռէտէմթորէս Մաթէր'' մատրան մէջ, նախագահեցին համամիութենական արարողութիւն մը, ապա 26 նոյեմբերին, Արամ Ա վեհափառը մասնակցեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ -ի հրապարակային ունկնդրութեան, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ողջունելով` վեհափառ Հայրապետը, յայտնեց թէ «այս եղբայրական այցելութիւնը կ՛ամրապնդէ միութեան մեր կապերը, մինչ կը յարատեւենք դէպի հաղորդութեան լիութիւն, որ Քրիստոսի բոլոր հետեւողներուն կէտ նպատակն է, եւ պարգեւ մը` զոր պէտք ենք հայցել ամէն օր Տիրոջմէ»։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա գնահատեց, Արամ Ա -ի համամիութեան ի խնդիր յանձնառումը, ու վերյիշեց Սուրբ Պետրոսի արտաքին որմախորշի մէջ զետեղուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը։ «Հայկական մշակոյթը եւ հոգեւորութիւնը ի յայտ կու գան հայերու նախնիքներու վկայութենէն, որոնք հաւատարմութեամբ եւ քաջութեամբ չարչարուեցան, աշխարհի փրկութեան համար, հաղորդութեան մէջ մնալով` զոհուած Գառնուկին հետ» նշեց այդ առթիւ Սրբազան պապը։

Սուրբ Երկիր` Սուրբ Յակոբ Պատրիարքական Աթոռանիստ Եկեղեցի

8-15 մայիս 2009-ին, Սուրբ Երկիր կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ-ը առիթը ունեցաւ այցելելու` Սուրբ Յակոբի Պատրիարքական Աթոռանիստ Եկեղեցին (15 մայիս), ու այնտեղ արտասանած իր ճառին մէջ մատնանշեց այցելութեան համամիութենական բնոյթին ու առաքելական եկեղեցւոյ յանձնառումին, շարունակելու` Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութիւնը, հիմնուած` աղօթքի վրայ։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ակնարկեց նաեւ Երուսաղէմի Հայ գաղութին, որ Քրիստոնէութեան առաջին շրջաններէն ի վեր ունեցաւ պանծալի պատմութիւն մը, արտայայտուած «վանական կեանքի» մշակոյթի եւ ծիսական աւանդութեան հարստութեան ընդմէջէն։

Այցելութիւն Զմմառու վանք` Յակոբ Մեղապարտի արձանի օրհնութիւն

Պենետիկտոս ԺԶ -ի վերջին յիշարժան հանդիպումը հայ եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն հետ հանդիսացաւ 2012-ի սեպտեմբերին, Լիբանան կատարած Ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան` Զմմառու դարաւոր Վանքին այցելութիւնը, զոր տեղի ունեցաւ 15 սեպտեմբեր 2012ին, եւ այդ առթիւ, Նորին Սրբութիւնը օրհնեց Յակոբ Մեղապարտի արձանը, հայ տպագրութեան ռահվիրան, որ 1512ին Վենետիկի մէջ հրատարակած էր տպագիր առաջին Հայերէն Գիրքը «Ուրբաթագիրքը»։

Այս առթիւ իր արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը խորին երախտագիտութիւն յայտնելէ ետք Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին­. ի միջի այլոց ըսաւ. «Սիրելի՛ բարեկամներ, բարեխօսութեամբը Բարթողոմէոս եւ Թադէոս Առաքեալներուն, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին, խնդրենք Տիրոջմէ, որ օրհնէ հայ հասարակութիւնը, որ ժամանակներու հոլովոյթին, անցած է մեծ փորձանքներէն, եւ իր հունձքին բազմաթիւ մշակներ եւ սուրբեր ղրկէ, որոնք, շնորհիւ Քրիստոսի, ըլլան կարող բարեփոխելու մեր ընկերութեան դիմագիծը, բուժելու տառապած սրտերը եւ վերադարձնելու քաջութիւնը, ուժը, եւ յոյսը յուսահատներուն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2023, 09:40