Մեծ թիւով հաւատացեալներ կ՝աղօթեն Պենետիկտոս ԺԶ Պապին դամբարանին մօտ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 9 յունուարին, առաւօտեան ժամը 9-ին հաւատացեալներու երկար շարք մը անհամբեր կը սպասէին Վատիկանի քարայրներուն բացումին այցելելու համար Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին դամբարանը ։
Մեծ թիւով այր մարդիկ, կիներ իրենց մանուկներով, մայրապետներ, վարդապետներ իջան Վատիկանի քարայրները, ուր կը հանգչին վախճանած քահանայապետերուն մարմինները։
Ժոզէթ Ռացինկեր քահանայապետին բաղձանքին համար, անոր դագաղը զետեղուեցաւ հոն ուր կը թաղուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը, որուն աճիւնները 2011ին, երանացումէն անմիջապէս յետոյ փոխադրուեցան Սան Սէպատթիանօ մատուր, որ կը գտնուի Միքելանճելոյին ողորմութեան արձանին կից։
Պենետիսկտոս Պապին թաղման կարգը տեղի ունեցաւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ տեղի ունեցած յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ