Որոնել

Գերապայծառ Կալլակեր Գերապայծառ Կալլակեր 

Մտածել անմտածելին Ուքրանիոյ խաղաղութեան համար. Գերապայծառ Կալլակեր

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը՝ Հռոմի մէջ կազմակերպուած ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաժողովին պնդած է երկարատև հակամարտութեանը չի յանձնուելու անհրաժեշտութիւնը և կոչ ըրած է բարեփոխել միջազգային կազմակերպութիւնները

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Չենք կրնար համակերպիլ այն փաստին, որ Ուքրանիոյ պատերազմը դեռ երկար պիտի տեւէ, և նոյնիսկ եթէ այս պահուն որևէ բանակցութիւններու հիմք չկայ, պէտք է կենդանի պահել խաղաղութեան բարձրագոյն նպատակը և այն միտքը, որ այս պատերազմը պէտք է վերջ գտնէ, նոյնիսկ եթէ անիկա Զելենսքիի կամ Փութինի պատկերացուցած վերջը չէ. Մենք արդար խաղաղութիւն կ’ուզենք, բայց, անհրաժեշտութեան պարագային, պէտք է սկսիլ նաև «մտածել անմտածելին»։

Այս մասին՝ Սեպտեմբեր 19ին, յայտարարեց Սուրբ Աթոռի Պետութիւնների եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը՝ ելոյթ ունենալով «Դիւանագիտութեան զէնքերը. Երկխօսութիւն Սուրբ Աթոռի և Եւրոպայի միջև՝ պատերազմի դիմաց» խորագիրը կրող ԵՈՒՆԵՍՔՕի Հռոմի մէջ կազմակերպուած համաժողովին:

Գթասրտութիւնը՝ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան յաւելեալ արժէք

Գերապայծառ Կալլակերը շեշտեց նաև, որ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը «յաւելեալ արժէք է՝ գթասրտութեան արժէք՝ միակը ընդունակ կոտրելու ատելութեան և վրէժխնդրութեան շղթաները», աւելցնելով, թէ այս իմաստով Սուրբ Աթոռի աշխատանքը ուղղուած է կամրջելու տարբերութիւնները և չմեծցնելու բացերը՝ մարդկային անձը դիտելով որպէս վերջնական շահառու:

Ան ապա նշեց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը պարտաւորեցնէ իր դիւանագիտութեան «կեղտոտել ձեռքերը» և բոլոր հնարաւոր ուղիներով հասնիլ խաղաղութեան, որպէս մէկ նոր առաքինի գործընթացի օղակ և ոչ թէ յաղթողի և պարտուողի վերագրում:

ՄԱԿին ճգնաժամը

Ուքրանիոյ պատերազմը ի յայտ դրաւ բազմակողմ համակարգի և մեծ միջազգային կազմակերպութիւններու, յատկապէս ՄԱԿի խորին ճգնաժամը։ Այս առումով Վատիկանի դիւանագէտը ընդգծեց, որ պատերազմի ամէնէն մեծ խայտառակութիւնը ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի այցի ընթացքին Քիեւի ռմբակոծումը եղաւ և յոյս յայտնեց, որ Կազմակերպութիւնը կը բարեփոխի գործունէութիւնը՝ ողջ միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ:

Յոգնածութիւնը կրնայ գերիշխել և խաղաղութեան աղաղակը կրնայ լսելի չըլլալ

Համաժողովին ի միջի այլոց մասնակցեցաւ Եւրայանձնաժողովի նախկին նախագահ Ռոմանօ Փրոտին, որ նկատեց թէ ճգնաժամը կառավարելու ՄԱԿի անկարողութեան արդիւնքը՝ Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերով «մաս մաս համաշխարհային պատերազմն է», որ կարծես հակադրութեան մէջ դրած է արևմուտքը մնացած աշխարհի հետ: Լուծումը, ըստ Փրոտիի, ԱՄՆի և Չինաստանի միջև համաձայնութիւնն է ու քանի դեռ նման բանակցութիւններ տակաւին գոյութիւն չունին Եւրոպան պէտք է գոյակցելու ուղիներ գտնէ Ռուսաստանի հետ: Այս համատեքստին մէջ վտանգը այն է, որ «յոգնածութիւնը կրնայ գերիշխել և խաղաղութեան աղաղակը կրնայ լսելի չըլլալ», յարեց ԱՆ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2023, 08:10