Որոնել

Եպիսկոպոսներու ժողով Եպիսկոպոսներու ժողով  (Vatican Media)

Սինոդական գործընթացին մէջ եպիսկոպոսի դերը։

Կարդինալ Մարիօ Կրէքի եւ Կարդինալ Ժան Քլոտի Հոլլերիկի միատեղ նամակը ուղղուած եպիսկոպոսներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ցամաքամասային ժողովներուն նախօրէին, Սինոդի ընդհանուր քարտուղար կարդինալ Մարիօ Կրէք եւ եպիսկոպոսաց սինոդի ԺԶ ընդհանուր ժողովին գլխաւոր զեկուցող Կարդինալ Ժան Քքոտ Հոլլերիկ միատեղ նամակ ուղարկեցին Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի թեմական եպիսկոպոսներուն, որուն մէջ անդրադարձած են ընթացքի մէջ գտնուող եպիսկոպոսական սինոդէն ներս եպիսկոպոսին դերին մասին։։

Նամակին մէջ կարդինալները նշած են, որ չկայ եկեղեցպան սինոդականութեան իրականացում՝առանց եպիսկոպոսաց հաւաքականութեան գործադրումին, յայտնելով որ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս այդ երկու ծաւալները իրարու հակադիր չեն, սակայն անոնցմէ մէկը չկրնար գոյութիւն ունենալ առանց միւսին։

Նամակին մէջ կարդինալները, որեւէ թիւրիմացութենէն խուսափելու համար անդրադարձած են սինդոականութեան գլխաւոր նիւթին կարեւորութեան՝ ընտրուած ֆրանչիսկոս Պապին խողմէ, յառաջիկայ հոկտեմբերին գումարուելիք եպիսկոպոսական սինոդի աշխատանքներու համար։

«Սինոդական եկեղեցւոյ համար. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն, առաքելութիւն։ Այս է միակ նիւթը, որուն համար կանչուած ենք խորացնելու սինոդական գործընթացքի իւրաքանչիւր փուլէն ներս», գրած են կարդինալներ աւելցնելով որ «2021-2024 սինոդի սպասումները շատ ու տարբեր են, սակայմ բոլորին պարտականութիւն է քննարկել բոլոր հարցերը որոնք մասին եկեղեցին կ՝ուսումնասիրէ»։

Նամակի մէջ կարդինալները ընդգծելով ցամաքային սինոդական ժողովներուն գլխաւոր նպատակը, աճիլ սինոդական ոճին մէջ, նշած են, որքան շատ աճինք Եկեղեցւոյ սինոդական ոճով, այնքան աւելի մենք՝ Աստուծոյ ժողովուրդի անդամներ՝ հովիւներ եւ հաւատացեալներ պիտի սորվինք եկեղեցւոյ հետ զգալ հաւատարիմ Աստուծոյ խօսքին ու աւանդութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2023, 12:45