«Չկայ խաղաղութիւն` առանց ճշմարտութեան և արդարութեան». Ուքրանիոյ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու այցը Վատիկան
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
«Մենք՝ կրօնական առաջնորդներս, պէտք է կրթուինք յանուն խաղաղութեան, բայց խաղաղութիւնը չէ կարելի առանց ճշմարտութեան և արդարութեան: Մենք պէտք է բուժենք բազմաթիւ վէրքեր և բազմաթիւ սրտեր, քանզի աւելի հեշտ է հաշտեցնել վերացական գաղափարները, քան խոցուած սրտերը»:
Այս մասին յայտարարած է Քիեւի Աւագ Արքեպիսկոպոս եւ Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ` Գերերջանիկ Սվիաթոզլաւ Շեւչուքը, որ կը ներկայացնէ Համաուքրանական եկեղեցիներու խորհուրդի և կրօնական կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւնը:
Յունուար 26ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումը եղաւ Պատուիրակութեան՝ Յունուար 24 էն 26ը Վատիկան եռօրեայ այցի գագաթնակէտը:
Իրավիճակը կը վատթարանայ
«Եկած ենք` որպէս ուքրանական հասարակութեան հայելի, մենք բազմազգ և բազմակրօն Երկիր ենք», նշած է Շեւչուքը այցի ամփոփիչ ասուլիսի ընթացքին, որ կայացաւ Յունուար 26ի առաւօտեան Ռատիօ Վատիկանի նստավայր «Փալացցօ Փիօ»ի Մարքոնի սրահէն ներս:
«Չենք գիտեր, թէ երբ կ’աւարտուի պատերազմը, բայց իրավիճակը երթալով կը վատթարանայ: Միայն այսօր աւելի քան քսան ռուսական հրթիռ հարուածած է Քիեւը: Ենթակառուցուածքները ոչնչացուած են, և մենք կ’ապրինք մթութեան մէջ», պարզաբանած է ան։
Համաչափ պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւն
«Պատերազմը մարդկութեան համար միշտ պարտութիւն է և միշտ սարսափ, բայց մենք ստիպուած ենք պաշտպանել մենք զմեզ, ինչը ամէն պարագային պէտք է համաչափ ըլլայ», ընդգծած է Քիեւի Արքեպիսկոպոսը, և, արդար խաղաղութեան համար, կրկնած է Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի խօսքերը թէ Ռուսաստանը պէտք է դուրս ելլէ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն և վերակառուցէ աւերուածը:
Ֆրանչիսկոս Պապի Քիեւ այցելութեան առնչութեամբ Շեւչուքը նշած է թէ Պապը ուշադիր կը հետեւի պատերազմի զարգացումներուն՝ փնտռելով ճիշտ ժամանակը։
Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը ուքրանացի ժողովուրդին հետ
Պատուիրակութեան անդամ Լւովի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Միեցիսլավ Մոքրզիցքին, մեծապէս գնահատած է Սրբազան Քահանայապետի և Սուրբ Աթոռի ուշադրութիւնը Ուքրանիոյ հանդէպ՝ յիշելով յատկապէս անցեալ Դեկտեմբեր 8ին Պապի յուզումը, «Անարատ Յղութեան» արձանին առջևը և ընդգծած է, որ նման արարք օգնած է յաղթահարելու անցեալի որոշ թիւրըմբռնումներ։
Հանդիպում ուքրանացի մանուկներու հետ
Համաուքրանական Եկեղեցիներու խորհրդի ներկայացուցիչները, որոնց մաս կը կազմեր նաև Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ թեմի Եպիսկոպոս Մարկոսը, այցելած են նաև «Bambino Gesù» մանկական հիւանդանոցի բաժանմունք, որտեղ պատերազմի սկիզբէն ի վեր խնամուած են 1938 ուքրանացի երեխաներ:
CPCeORի այցը Վատիկան
Նշենք թէ Յունուար 24 էն 26ը Համաուքրանական եկեղեցիներու խորհուրդի և կրօնական կազմակերպութիւններու (CPCeOR - Consiglio Panucraino delle Chiese e delle Organizzazioni Religiose) նախաձեռնութեամբ կայացաւ վերջիններուս այցը Վատիկան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ուքրանիոյ բոլոր կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք հանդիպումներ ունեցան Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար Արքեպիսկոպոս Փոլ Կալլակերի, ինչպէս նաև Քրիստոնէական միութեան խթանումի, Միջ կրօնական երկխօսութեան, Արեւելեան եկեղեցիներու և Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւններու Վերատեսուչներուն հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցին ՌԴ իշխանութիւններու կողմէ արտաքսուած ուքրանացիներու՝ յատկապէս մանուկներու տուն վերադառնալու հետ կապուած խնդիրներ, ինչպէս նաև ուքրանացի գերիներու և անօրինական կերպով կալանաւորուածներու ազատ արձակումի և տուն վերադառնալու համար միջնորդութեան և օգնութեան հնարաւորութիւնը՝ միջազգային մարդասիրական չափանիշներուն համապատասխան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ