Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Քանտայի մէջ բնիկ ժողովուրդներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Քանտայի մէջ բնիկ ժողովուրդներուն հետ  (Vatican Media)

Եկեղեցին կը պաշտպանէ բնիկ ժողովուրդները, «Բացայայտումի վարդապետութիւն»ը երբեք կաթողիկէ չէ եղած

Սուրբ Աթոռի մշակոյթներու եւ մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան համար, 30 մարտին, «Բացայտումի վարդապետութեան« վերաբերեալ համատեղ տեղեկագիրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մշակոյթի եւ համապարփակ զարգացման ծառայութեան համար վերատեսչութիւններու համատեղ տեղեկագրութիւնը.

«Բազմաթիւ քրիստոնեաներ չար արարքներ գործած են բնիկ ժողովուրդներուն դէմ»։ Տասնհինգերորդ դարուն Պապական կոնդակները, որոնք գաղութարար ինքնիշխաններուն կը փոխանցէին բնիկ ժողովուրդներուն հարստութիւնները, քաղաքական փաստաթուղթեր են, որոնք կ՝օգտագործուէին բարոյական արարքներուն համար։ 1953 թուականին Պօղոս Գ քահանայապետը հանդիսաւոր կերպով յայտարարեց, որ բնիկ ժողովուրդները պէտք չեն ստրկանալ կամ ալ թալանել անոնց ունեցուածները։

Բնիկ ժողովուրդներուն օգնութեան շնորհիւ, «Եկեղեցին ձեռք բերած է աւելի գիտակցութիւն

Բնիկ ժողովուրդներուն օգնութեան շնորհիւ, «Եկեղեցին ձեռք բերած է աւելի գիտակցութիւն՝ անոնց տառապանքներուն, անցեալին եւ ներկայի մասին՝ իրենց հողերէն սեփականազրկուելու հետեւանքով, ինչպէս նաեւ բռնի ձուլման քաղաքականութեան՝ խրախուսուած այն ժամանակուան իշխանութիւններուն կողմէ, անոնց մշակոյթներուն վերացման համար», այս մասին կը կարդանք, Սուրբ Աթոռի մշակոյթներու եւ մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան համար, 30 մարտին, «Բացայատնումի վարդապետութեան« վերաբերեալ համատեղ տեղեկագրութեան մէջ։

Բացայատումին վարդապետութեան մաս չկազմեր կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետութեան

Փաստաթուղթին մէջ հաստատուած է որ «Բացայատումին վարդապետութեան» տեսութիւնը որ ծառայած է արդարացնելու բնիկ ժողովուրդներուն օտարացումը՝ գաղութատեր ինքնիշխաններուն կողմէ, « մաս չկազմեր կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ այդ պապական կոնդակները, որոնց միջոցաւ զիջումներ կը կատարուէին գաղութարար ինքնիշխաններուն, երբեք վարդապետութիւն չէ դարձած»։

Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին Քանատա կատարած առաքելական ճամբորդութենէն ութը ամիս ետք հրապարակուած փաստաթուղթը յոյժ կարեւոր է, որովհետեւ անոր մէջ կ՝ընդգծուի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գաղութատիրութեան մտայնութեան հաստատ մերժումը։ « Պատմութեան հոլովոյթին» կը յիշուի փաստաթուղթին մէջ, « Քահանայապետերը դատապարտած են բռնութեան արարքները, ճնշումը, ընկերային անարդարութիւնը ու ստրկութիւնը ներառեալ բնիկ ժողովուրդներուն դէմ կատարուած արարքները ու եղած են բազմաթիւ քահանաներ, եպիսկոպոսներ, կրօնաւորներ, աշխարականներ, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին այդ ժողովուրդներուն արժանապատուութեան պաշտպանութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը բնիկ ժողովուրդներուն պաշտպանութեան ի նպաստ

Համատեղ փաստաթուղթին մէջ մէջբերուած են ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը.

«Այլեւս երբեք քրիստոնեայ հասարակութիւնը չկրնար ինքնիրեն թոյլ տալ վարակուիլ այն գաղափարով, որ մշակոյթ մը կը գերազանցէ ուրիշները կամ ալ օրինական է դիմել ուրիշները բռնադատելու ձեւերուն։

Վերջերս եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը բնիկ ժողովուրդներու հետ ծնունդ տուաւ Սուրբ Աթոռի ամուր աջակցութիւնը բնիկ ժողովուրդներուն իրաւունքներուն մասին, ՄԱԿ-ի Հռչակագիրին մէջ պարունակուող սկզբունքներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2023, 10:18