Որոնել

Սրի Լանքայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը երիտասարդներուն հետ Սրի Լանքայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը երիտասարդներուն հետ 

Սուրբ Աթոռը ՄԱԿ-ին «Հալածանքներու ենթարկուած եօթը զոհերէն մէկը քրիստոնեայ է»

ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ պակական նուրիակը Ժընեւի մէջ գումարուած մարդկային իրաւունքներուն խորհուրդի 52-րդ նիստի ընթացքին նշեց նաեւ, թէ տեղի կ՝ունենայ բռնութիւններ այն երկիրներու մէջ, ուր հաւատացեալները փոքրամասնութիւններ չեն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենակի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, Պապական նուիրակ գերապայծառ Ֆորթունաթուս Նվաչուքվու, Ճընեւի մէջ գումարուած մարդկային իրաւունքներուն խորհուրդի 52-րդ նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, թէ ներկայ ժամանակուան մէջ եօթը քրիստոնեաներուն վրայ մէկը հալածանքի ենթարկուած է։

Արքեպիսկոպոսը մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը նշեց որ «խաղաղութիւնը կը պահանջէ նաեւ կրօնական ազատութեան համընդհանուր ճանաչում ու մտահոգիչ է այն իրողութիւնը որ անձերը կը հալածուին լոկ որովհետեւ հանրապէս կը դաւանին իրենց հաւատքը եւ շատ մը երկիրներու մէջ կրօնքի ազատութիւնը սահմանափակուած է ու աշխարհի բնակչութեան մէկ երրորդը կը բնակի այդ կացութեան մէջ։»

Վատիկանի դիւանագէտը ելոյթին մէջ նշեց որ բազմաթիւ հաւատացեալները յաճախ կը զրկուին իրենց հաւատքը դաւանելու ու արտայայտելու իրաւունքէն, նոյնիսկ այն կացութեան մէջ երբ անոնք չեն վտանգեր հանրային անվտանգութիւնը կամ չեն խախտեր այլ խումբերու կամ անհատներուն իրաւունքները, աւելցնելով որ պաշտամունքի եւ կրօնական վայերուն կործանումը ինչպէս նաեւ կրօնապետերու դէմ բռնի յարձակումները վերջին շրջանին սրած եւ սարսափելի օրէն աւելի յաճախակի դարձած են։

Բռնութիւններ նաեւ այն երկիրներու մէջ ուր հաւատացեալները փոքրամասնութիւններ չեն

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը ընդգծեց նաեւ, որ պէտք չէ անտեսել այն իրողութիւնը, որ քրիստոնեաներուն դէմ բռնութիւնն ու խտրականութեան արարքները կ՝աճին նաեւ այն երկիրներու մէջ ուր քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն չեն նկատել տալով որ կրօնական ազատութիւնը վտանգի ենթարկուած է այն ժամանակ երբ հաւատացեալները ականատես կը դառնան թէ ընկերային կեանքի մէջ սահմանափակուած են իրենց իւրայատուկ համոզմունքները արտայայտելու կարելիութիւնը, ներառման սխալ հայեցակարգի անունին տակ։

Պապական նուիրակը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով «Կրօնական ազատութիւնը կարելի չէ պարզապէս վերածել պաշտամունքի ազատութեան, որ արժանավայել ապրելակերպի նուազագոյն պահանջներէն մէկն է» աւելցնելով որ պետութիւնները այդ իրաւունքը պաշտպանելու պարտականութիւնը ունին ինչպէս նաեւ պարտականութիւնը ապահովուելու, որ իւրաքանչիւր մարդ վայելէ իր խիղճի համաձայն գործելու հնարաւորութիւնը, նոյնիսկ հանրային ոլորտէն ներս եւ հաւատքը դաւանելու ժամանակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2023, 12:29