Spesi Satelles, անջրպետային առաքելութիւն մը յոյսի ուղերձ հաղորդելու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Տիեզերական հետազօտութեան պատմութեան եւ եկեղեցւոյ կեանքի մէջ իւրայատուկ։ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Ֆրանչիսկոս Պապին պատմական պատկերներէն երեք տարի ետք, մարդկութեան համար յոյսի ուղերձ մը պիտի տարածուի՝ անջրպետի մէջ հասնելու եւ ներգրաւելու միշտ աւելի անձեր շնորհիւ Իտալիոյ անջրպետային գործակալութեան, հետազօտութիւններու ազգային խորհուրդին եւ Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան վերատեսչութեան համատեղ նախաձեռնութեան։
Անջրպետային առաքելութիւնը, անոր ծնունդը, մանրամասնութիւններն ու հեռանկարները պիտի հաղորդուին 27 մարտին, առաւօտեան ժամը 10ին, Վատիկանի Ռատիոկայանի Մարքոնի անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան 10րդ տարեդարձին եւ Statio Orbis նախաձեռնութեան 3րդ տարեդարձին առթիւ։
Statio Orbis Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համաճարակի աւարտին համար
2020 թուականին, մարտ 20ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղատարափ անձրեւին տակ ֆրանչիսկոս Պապ մինակը, թրջուած անսովոր եւ լուր աղօթեց, որպէսզի Աստուած յոյս ներշնչէ համաճարակէն ապակողմնորոշուած աշխարհին։
Նորին Սրբութեան խօսքերն ու պատկերներու զօրութիւնը նշանաւորեցին աշխարհը։ Այդ օրէն սկսեալ ծնան տարբեր նախաձեռնութիւններ, որպէսզի այդ իրադարձութիւնը չմոռցուի, այլ ընդհակառակը պահպանուի իր շարժիչ ուժը, ոչ միայն համաճարակի շրջանակներէն դուրս գալու համար, այլեւ ամէն դժուար պահերուն աւելի ուժեղ եւ յոյսով հարուստ դարձնելու, յիշելով որ ոչ մէկը մինակը կը փրկուի։
2021 թուականին, այդ իրադարձութենէն մէկ տարի ետք, Statio Orbisը իր բառերով, պատկերներով եւ խորհրդածութիւններով նոյնիսկ յաջորդ օրերուն դարձաւ հրատարակութիւն մը, որ 2022 թուականին տեղադրուեցաւ հունտերու համաշխարհային դրամատան մօտ՝ Svalbard Seed Vault մէջ, որպէս «Յոյսի հունտ»։
2023 թուականին այդ յոյսի հունտը պիտի թռչի անջրպետին մէջ բոլորովին անսովոր, արհեստագիտական գետնի վրայ առաջադէմ եւ մշակութային առումով անտիպ, աւելիով տարածելու համար տիեզերական ուղերձը, կեանք տալով անոր կապուած տարբեր նախաձեռնութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ