Որոնել

Էտուարտ Հալսպուրկ՝ Սուրբ Աթոռի մօտ Հունգարիոյ դեսպան Էտուարտ Հալսպուրկ՝ Սուրբ Աթոռի մօտ Հունգարիոյ դեսպան 

Սուրբ Աթոռի մօտ Հունգարիոյ դեսպանը. «Պապը երկրիս մէջ ջերմ ընդունելութիւն պիտի գտնէ»

Սուրբ Աթոռի մօտ Հունգարիոյ դեսպանիn հարցազրոյցը «Վատիկան Նիուզ»ի հետ Ֆրանչիսկոս Պապին Հունգարիա կատարելիք այցելութեան եւ Հունգարիոյ ժողովուրդի սպասումներուն մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յառաջիկայ 28էն 30 ապրիլ 2023ին, Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական այցելութիւն կը կատարէ Հունգարիա։ Նորին Սրբութիւնը առաջին անգամ չէ, որ պիտի այցելէ Հունգարիա։ Երկու տարի առաջ Նորին Սրբութիւնը այցելած է Պուտափեշթ ուր ներկայ գտնուած է Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարի եզրափակիչ արարողութեան պատարագին։

28 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապին Հունգարիա այցելութիւնը պիտի տեւէ երեք օր՝ ու պիտի հանդիպի երկրի իշխանութիւններուն հետ, սկսեալ հանրապետութեան նախագահ Տիար Քաթալին Էվա Նովաքի ինչպէս նաեւ վարչապետը Վիքլոր Օրպանի հետ։

Մեծ ուրախութեամբ կը սպասենք Պապին

Ֆրանչիսկոս Պապի Հունգարիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան անդրադառնալով Սուրբ Աթոռի մօտ Հունգարիոյ դեսպան, տիար Էտուարտ Հասպուրկ Լոթրինկեն «Վատիկան Նիւուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հունգարիոյ ժողովուրդը կը սիրէ Պապը ու անհամբեր կը սպասէ Անոր այցելութեան, հաստատելով որ Քրիստոնէական հաւատքը մեծ նշանակութիւն ունի Հունգարացիներու համար, որոնք կը մաղթեն որ Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւնը առիթ հանդիսանայ խորապէս ճանչնալու ժողովուրդին հոգին։

Հունգարիոյ մէջ Քրիստոնէական հաւատքը մեծ տեղ կը գրաւէ

Սուրբ Աթոռի մօտ Հունգարիոյ դեսպանը նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ Հունգարացի հասարակութեան հետ առաջին անգամ  տեսնուած է 2019ին, Ռոմանիոյ մէջ հունգարացիներուն Csíksomlyó մայր տաճարին մէջ, ուր աւելի քան 150000 հաւատացեալներ ներկայ էին Նորին Սրբութեան Պատարագին։ Ֆրանչիսկոս Պապ հունգարացի հասարակութեան հետ երկրորդ անգամ տեսնուած է Պուտափեշթի մէջ՝ Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարին ընթացքին,
ըսաւ Հունգարիոյ դեսպանը ընդգծելով, որ Հունգարիոյ հանրային կեանքէն ներս քրիստոնեայ հաւատքը մեծ տեղ գրաւած է ու եկեղեցիները ու Քրիստոնէական հաւատքը յոյժ կարեւոր նկատուած են, ինչպէս նաեւ այլ կրօնները։

Անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին հունգարիոյ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան զինանշանին, որուն մէջ գծուած է Պուտափեշթի երկաթեայ կամուրջը, Հունգարիոյ դեսպանը նշեց, որ այժմ Հունգարիոյ ստեղծած ամենամեծ կամուրջը խաղաղութեան կամուրջն է, Հունգարիան կը փափաքի աշխատիլ խաղաղութեան համար՝ Ուքրանիոյ դժուար կացութեան մէջ, ինչպէս նաեւ տարբեր տարիներէ ի վեր հունգարիան կը զօրակցի աշխարհի մէջ բոլոր քրիստոնեաներուն՝ յատուկէն Միջին Արեւլքի մէջ, Նիճերոյ, Ափրիկէի, Փաքիստանի մէջ, օգնելու համար հալածանքի տակ գտնուող քրիստոնեաներուն։

Խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապին Հունգարիոյ մէջ ունենալիք զանազան Հանդիպումներու մասին, որոնց շարքին Կոյր մանուկներու ու գաղթականներուն հետ, Սուրբ Աթոռի մօտ Հունգարիոյ դեսպանը նկատել տուաւ, որ Հունգարիան հիւրընկալած է միլիոններով Ուքրանացի գաղթականներ, թիկունք կանգնելով ու հոգ տանելով անոնց։

Հունգարիոյ դեսպանը Հարցազրոյցը աւարտեց մաղթելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապ Հունգարիոյ մէջ դարձեալ վառէ հաւատքի կրակը ու կարենայ իսկապէս հանդիպիլ Հունգարիոյ հետ՝ իր բոլոր հոգիով, ինչպէս նաեւ կարենայ Հունգարական յատուկ գինի՝ Թոքաճին համտեսէ
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2023, 11:55