Որոնել

Վատիկանի պարտէզները Վատիկանի պարտէզները 

Մարեմեան ուխտագնացութիւն դէպի Վատիկանի այգիները խաղաղութեան ովասիսը

Մայիս 3-էն մինչեւ 31, ամէն չորեքշաբթի եւ շաբաթ օր կարելի է մասնակցիլ յատուկ Մարեմեան յատուկ ուխտագնացութեան դէպի Վատիկանի Պարտէզներ, քահանայապետերուն աղօթքի եւ խորհրդածութեան վայրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մայիս ամիսը, որ աւանդաբար նուիրուած է Տիրամօր, Վատիկանի թանգարանները ուխտաւորներուն եւ զբօսաշրջիկներուն առաջարկած են մշակութային, հոգեւոր եւ բնական ուղեւորութիւն մը, բացայայտելու համար Աստուածամօր բազմաթիւ պատկերները՝ սփռուած Վատիկանի պարտէզներուն բացառիկ շրջանակէն ներս, որ նկատուած է, որպէս խաղաղութեան ովասիս, հարուստ թոք, որ զբաղեցուցած է Վատիկանի Պետութեան տարածքի կէսը։

Մայիս 3-էն մինչեւ 31, ամէն չորեքշաբթի եւ շաբաթ օր կարելի է մասնակցիլ այս յատուկ Մարեմեան ուխտագնացութեան, Պապին այգիներուն բուսաբանական եւ գեղարուեստական հրաշալիքներուն ներքեւ վայր մը, որ ժամանակին յատկացուած էր քահանայապետերուն կարճատեւ հանգիստին համար, իսկ այսօր անոնք բաց են այցելութիւններու եւ հանրութեան գնահատանքին համար։

Վատիկանի Պարտէզները
Վատիկանի Պարտէզները

Դէպի Վատիկանի պարտէզներ Մարեմեան ուխտագնացութիւնը գեղեցիկ առիթ է գնահատելու համար, թէ ինչպէս ժամանակուան ընթացքին Պապերը մեծարած են Տիրամայրը այդ եզակի պարտէզներու մէջ, որոնք ծրագրուած էին, որպէս աղօթքի եւ խորհրդածութեան վայր։

Նշենք ,թէ Վատիկանի պարտէզներու մէջ կը գտնենք աշխարհի տարբեր վայրերէն հասած բազմաթիւ Տիրամօր արձաններ զետեղուած բնութեան տարբեր արահետներու վրայ, սկսեալ Լուրտի Տիրամայրէն՝ ֆրանսայի բնօրինակին հաւատարիմ, մինչեւ ամենավերջինը՝ Լատին Ամերիկայինը, անցնելով Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանէն կամ Կուատալուփէի Տիրամօր յուշարձանի մօտէն, որ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ մեծարուած ու շատ սիրուած է։

Վատիկանի Պարտէզները
Վատիկանի Պարտէզները

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2023, 11:52