Որոնել

Կարդինալ Փարոլին արձանի օրհնութեան ժամանակ Կարդինալ Փարոլին արձանի օրհնութեան ժամանակ 

Կարդինալ Փարոլին կատարեց մարդավաճառութեան դէմ արձանի բացումն ու օրհնութիւնը

Վիչենցա քաղաքին Սքիօ քաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ մարդավաճառութեան զոհերու պաշտպան Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի նուիրուած, մարդավաճառութեան դէմ արձանի օրհնութիւնն ու բացումը ձեռամբ Վատիկանի Պետական քարտուղարի

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, 29 յունիսին, Իտալիոյ Վիչենցա մարզի Սքիօ քաղաքին մէջ օրհնեց ու բացումը կատարեց Let The Oppressed Go Free” »ճնշուածներ թող ազատագրուին» վերնագիրով Սրբուհի Ճիուզեփփինա Պախիթային նուիրուած յուշակոթողին, որուն հեղինակն է Քանատացի արուեստագէտ Timothy Schmalz։

Յիշեալ քանդակագործը հեղինակն է նաեւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած գաղթականներու նուիրուած յուշակոթողին։

Յուշակոթողին բացման արարողութեան ընթացքին արտասանած իր սիրտին խօսքին մէջ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հրաւիրեց հաւացեալները ստրուկները ազատագրող եւ մարդավաճառութեան զոհերուն պաշտպան սուրբ, ծագումով Ափրիկէցի քոյր Ճուզեփփինա Պախիթայէն խնդրել, որ իւրաքանչիւր անձ ազատէ ստրկութենէ, անհատապաշտութենէ ու մղիչ ուժ ըլլայ ուրիշներուն բան մը կատարելու համար։

«Մեր մէջ ներփակումը մեզի արգելք կը հանդիսանայ մեր աչքերը բանալու ուրիշներուն։ Պէտք է, որ ազատինք անտարբերութենէ, որուն միջոցաւ կը նայինք տառապանքին, ցաւի եւ խոցելիութեան օրուայ իրականութեան» ըսաւ Ան

Նշենք, թէ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի օրհնած արձանը կը պատկերացնէ Սրբուհի Պահիթան, որ կը բանայ վերնադուռ մը ուրկէ դուս կու գան դէմքեր որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդավաճառութեան տարբեր ձեւեր ը։ Պրոնզէ արձանը ունի 6 մթ երկարութիւն,1,2 մթ լայնութիւն եւ 2,4 մթ բարձրութիւն։

Արձանի օրհնութիւնն ու բացումը կատարուեցաւ Սրբհուի Պախիթայի ապրած ու մահացած, Սքիօ անուան քաղաքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2023, 11:20