Որոնել

Սիւնոդի մասնակիցներուն ցանկին ներկայացումին ընթացքին Սիւնոդի մասնակիցներուն ցանկին ներկայացումին ընթացքին  

Ներկայացուեցաւ հոկտեմբերին եպիսկոպոսներու սիւնոդի ԺԶ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն ցանկը

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ ներկայացուեցաւ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամիս գումարուելիք եպիսկոպոսներուն սիւնոդի ԺԶ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն ցանկը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 7 յուլիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ, յառաջիկայ հոկտեմբեր ամիս, Վատիկանի մէջ գումարուելիք, եպիսկոպոսներուն սիւնոդի ԺԶ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն անուններու ցանկը, որուն մէջ ընդգրկուած են, քուէարկելու իրաւունք ունեցող 363 անդամներ։ Ցանկին մէջ կան 85 կանայք, որոնցմէ 54ը իրաւունք ունին քուէարկելու։

Սիւնոդի ընդհանուր քարտուղար, կարդինալ Մարիօ Կրէք, ցանկի ներկայացումի առթիւ արտասանած ելոյթին մէջ նշեց, թէ ընդհանուր համագումարի մաս կազմող անդամներուն ցանկին մէջ «Փորձցած ենք ներառել ողջ ժողովուրդի ներկայացուցչութիւնը եւ ցանկի կազմաւորման առաջնորդ չափանիշը եղած է շնորհապարգեւներու, կոչումներու, եկեղեցական փորձառութեան, տարիքի եւ երկրի ծագումի առումով, խառնուրդի եւ բազմազանութեան երաշխաւորումը

Ցանկին մէջ ընդգրկուած են քուէարկելու իրաւունք ունեցող 363 անդամներ։ Աշխարհի մէջ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ներկայացուցիչներէն անդին (Ափրիկէ 43, Ամերիկա 47, Ասիա 25, Եւրոպա 48, Ովիական 5) ինչպէս նաեւ կաթողիկէ արեւելեան եկեղեցիներուն 20 պատուիրակներէն զատ, ցանկին մէջ ներառուած են քահանայապետական նշանակումով 50 անդամներ։

Ցամաքամասային մարմիններէն առաջարկուած 140 անձերուն ցանկէն, Ֆրանչիսկոս Պապ ընտրած է 70 հաւատացեալներ, որոնք եպիսկոպոսներ չեն ու ընտրուած են առաջին հերթին սիւնոդական գործընթացին տարբեր պաշտօններով իրենց մասնակցութեան շնորհիւ, որոնց կէսը այր մարդիկներ եւ միւս կէսը կանայք են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2023, 11:15