Որոնել

Արհեստական բանականութիւն Արհեստական բանականութիւն 

«Արհեստական բանականութիւն եւ խաղաղութիւն» 2024-ի խաղաղութեան համար համաշխարհային օրուան նիւթը

Սուրբ Աթոռի Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութեան հաղորդագրութիւնը 2024ի խաղաղութեան համար համաշխարհային օրուան նիւթի վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան-Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 8 օգոստոսին, Սուրբ Աթոռի Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութիւնը հրապարակելով յայտարարութիւն մը հաղորդեց 2024 տարուան համաշխարհային խաղաղութեան օրուան նիւթը, որ է «Արհեստական բանականութիւն եւ խաղաղութիւն»։

Հղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ արհեստական բանականութիւններուն ոլորտէն ներս արձանագրուած ուշագրաւ առաջընթացները խոր ազդեցութիւն ունին մարդկային գործունէութեան եւ ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական անձնական կեանքին վրայ։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յանձնարարէ բաց երկխօսութիւն կատարել այս նոր արհեստագիտութիւններու իմաստին շուրջ, որոնք օժտուած են վրդովիչ ներուժով եւ երկիմաստ ազդեցութիւններով ։

Սուրբ Աթոռի Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութիւնը, արհեստական բանականութեան ծիրէն ներս կը նշէ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշեցնէ հսկելու եւ աշխատելու հրամայականը, որպէսզի խտրութեան եւ բռնութեան տրամաբանութիւնը արմատ չգտնէ այդ սարքերու արտադրութեան ու օգտագործման մէջ՝ դիւրաբեկներուն եւ բացառուածներուն հաշւոյն վրայ, անարդարութիւնն ու անհաւասարութիւնները կը հրահրեն  պատերազմներն ու հակադրութիւնները։

«Արհեստական բանականութիւններու հայեցակարգն ու օգտագործումը պատասխանատու կերպով ուղղորդելու հրատապութիւնը՝ որպէսզի անոնք ծառայեն մարդկութեան եւ ընդհանուր տան պաշտպանութեան կը պահանջէ ընդլայնել բարոյականութեան մտորումը, կրթութեան եւ իրաւունքի բնագաւառներէն ներս։

Անձի արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը ու բաց եղբայրութեան համար հոգատարութիւնը, որ արդիւնաւէտօրէն  բաց է մարդկային ընտանիքէն ներս՝ կարեւոր պայմաններն են, որպէսզի արհեստագիտութիւնը  կարենայ նպաստել աշխարհի մէջ խաղաղութեան, արդարադատութեան խթանման», նշուած է Սուրբ Աթոռի Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2023, 10:17