Որոնել

2023.10.28 Sinodo dei Vescovi - XX Congregazione Generale

Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած հաւաքի միջոցաւ Եկեղեցին տարածք բացաւ բոլորին

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Կարդինալ Կրէքը իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց բոլոր լրագրողներուն, «որ մեզի ընկերացաք այս մէկ ամսուայ աշխատանքներու ընթացին», ըսաւ Ան նշելով, որ այս սիւնհոդոսը իր մտքին մէջ պիտի դրոշմուի, որպէս սինոդ մը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւրը շահեցաւ տարածքներ եւ որուն պտուղները տակաւին պիտի հասուննան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ շաբաթ օր երեկոյեան վերջ գտան Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսներու ԺԶ ընդհանուր հաւաքին աշխատանքային նիստերը` աշխատանքներու ամփոփիչ զեկոյցին վաւերացումով։ Հաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ մամլոյ ասուլիս, որուն մասնակցեցան ի միջի այլոց Կարդինալ Մարիօ Կրէքը` Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի քարտուղար եւ Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխը` Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցողը ինչպէս նաեւ Հայ Ճաքոմօ Քոսթան։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Կարդինալ Կրէքը իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց բոլոր լրագրողներուն, «որ մեզի ընկերացաք այս մէկ ամսուայ աշխատանքներու ընթացին», ըսաւ Ան նշելով, որ այս սիւնհոդոսը իր մտքին մէջ պիտի դրոշմուի, որպէս սինոդ մը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւրը շահեցաւ տարածքներ եւ որուն պտուղները տակաւին պիտի հասուննան։

«Ասիկա եղաւ ունկնդրութեան փորձառութիւն մը», ընդգծեց ծիրանաւորը դիտել տալով` թէ «ինք նկատեց` որ մասնակցողներէն մեծամասնութիւնը փորձեց տարածքներ ստեղծել ուրիշներուն համար, որպէսզի միւսը կարենայ մուտք գործել իրենց սրտին մէջ»։ Ան ապա ակնարկեց Եպիսկոպոսի մը կողմէ իրեն փոխանցուած մէկ նախադասութեան. «Տեսայ սարը, որ կը հալէր»։

Արդարեւ, ըսաւ Կարդինալ Կրէքը, սեղաններու շուրջ մարդիկը կամաց կամաց հալեցան եւ ի յայտ եկաւ դէպի դուրս Եկեղեցի մը, որ կը ջանայ բոլորին համար տարածքներ ստեղծել, առանց բացառելու ոչ մէկը»։ «Որովհետեւ, աւելցուց Ան, մենք կ՛ապրինք Աւետարանը եւ ոչ մէկը ինքզինք անընդունելի կարող է զգալ իր տան մէջ»։

Կարդինալ Կրէքը հուսկ նշեց, թէ մէկ ամիս աշխատանքներէն ետքը այսօր կը շնչուէր ուրախութեան մթնոլորտ մը, ապա երախտագիտութիւն արտայայտեց, որ բոլոր մասնակիցներն ալ ջանացին հետեւիլ Ֆրանչիսկոս Պապի թելադրանքին` թոյլ տալով, որ Սուրբ Հոգին ըլլայ այս սիւնհոդոսի դերակատարը։

Միւս կողմէ Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխը նշեց, թէ ինչպէս սկիզբը շատեր ուրախ չէին ու մի քանի եպիսկոպոսներ քննադատած էին սիւնհոդոսական գործընթացը, սակայն, օրէ օր իրողութիւնը փոխուեցաւ եւ մարդիկ խորապէս գնահատեցին փորձառութիւնը։

«Փորձառութիւն, որ մեզ բոլորս դարձուց Յիսուսին իսկական աշակերտները, բոլորս միասին։ Ես կը կարծեմ` թէ մարդիկը տուն կը վերադառնան իրենց սրտին մէջ կրելով յոյսը» յարեց Ան։

Կարդինալ Կրէքը ապա լրագրողներէն մէկու մը հարցումին պատասխանելով աւելցուց. «մենք բոլորս մէկ ընտանիք ենք ու պէտք է, որ յարգենք բոլորին քայլերը։ Մենք կը քալենք միասին, այս է սիւնհոդոսականութեան հայեցակարգը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2023, 08:00