Սիւնհոդոսականներու՝ յանուն խաղաղութեան վարդարանի աղօթքը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Գրեթէ մէկ ամիս շարունակուող Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Սինոդի մասնակիցները, 25 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայէն ներս աղօթած են Տիրամօր՝ յանուն աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ միշտ աւելի յաճախակի դարձած ողբերգութիւններուն զոհ դարձած եւ անտարբերութիւններէն տուժած մարդկանց, որոնց անունները եւ դէմքերը Եկեղեցին իր սիրտին մէջ կը պահէ եւ որոնք Սինոդի մշտական ուշադրութեան տակ եղած են։
Բաւ են պատերազմները
Վատիկան Քաղաքի Քահանայապետին Տեղակալ, կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթիի նախագահութեամբ, Սուրբ Կոյս Մարիամին ուղղուած աղօթքի ատեն աշխարհի տարբեր ծայրերէն ու համատեքստներէն ժամանած սիւնհոդոսականներու կողմէ տարբեր անգամներ հնչած է «բաւ է» հրամայականը`․ բաւ է բռնութիւնը, շահագործումը, խտրականութիւնը, որոնք այդպիսով կը միանան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի բազմաթիւ անգամներ բարձրացուցած ձայնին:
Կեանքը կը յաղթէ մահուան
Առ Սուրբ Կոյս Մարիամ աղօթքը ուղղուած էր ի մասնաւորի կանանց, մայրերուն, քոյրերուն, դուստրերուն եւ բռնութեան ենթարկուածներուն: «Կ’ուզենք դառնալ կեանքի, յոյսի, խաղաղութեան կրողներ, յատկապէս անոնց համար, որոնք կը տառապԻն եւ կ’ենթարկուին բռնութեան սարսափին, որ այսօր շատ ժողովուրդներ կը կործանէ», ըսած են սիւնհոդոսականները՝ Տիրամայրէն խնդրելով «քաջալերանքի եւ յոյսի աղբիւր դառնալ անապահովներուն, բացառուածներուն եւ անտեսուածներուն համար»
Տարբերութիւններէն անդին
Այս աղօթքի միջոցաւ կ’ուզենք միասնաբար ցոյց տալ, որ կարելի է յարգել զիրար, հանդիպիլ եւ երկխօսել, պնդած են ապա անոնք։ «Սորվինք ունկնդրել մէկս միւսին, ունկնդրել Սուրբ Հոգւոյն, չի ցանկանալով թոյլ տալ, որ գերակշռէ սեփական տեսակէտները», ընդգծած է մասնակիցներէն մին:
Շեշտուած է նաեւ, որ տարբեր մշակոյթներ, պատմութիւններ եւ երկիրներ ներկայացնող մասնակիցները՝ մի քանի շաբաթ Վատիկանի մէջ իրենց ունեցած փորձով ի ցոյց կու տան, որ «իսկապէս հնարաւոր է միասին ուղիներ փնտռել ապագայի համար՝ տարբեր մշակոյթներէն և պատմութիւններէն մեկնելով»։
Եղբայրութեան վկաներ եւ արարչագործութեան հանդէպ հոգածութիւն
Վարդարանի աղօթքը նաև առիթ եղաւ շնորհակալութիւն յայտնելու Տիրոջը Սիւնհոդոսականութեան համար Սինոդի համար եւ յատուկէն աղօթելու յանուն քրիստոնեաներու միութեան, որպէսզի «անոնց եղբայրութեան վկայութիւնը վերածուի խաղաղութեան թթխմորի»։
Չի պակսեցաւ նաեւ արարչագործութեան հանդէպ հոգածութեան շուրջ միասնական խոկումը։ Սիւնհոդոսի մասնակիցները պարտաւորուեցան հոգ տանիլ հասարակաց տան, պաշտպանել բնութիւնը, ստեղծել աւելի արդար յարաբերութիւններ, մօտ ըլլալ աղքատներուն ու տառապողներուն, եւ լիովին համահունչ Ֆրանչիսկոս Պապի Լիզպոնի ԵՀՕ ժամանակ արտայայտած ցանկութիւններուն՝ ստեղծել սինոդալ Եկեղեցի «բոլորի, բոլորի, բոլորի համար»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ