Սքոլաս Օքուրենթես. Սան Փաուլոյի մէջ 25 երկիրներէն ժամանած երիտասարդներու հանդիպում։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սան Փաուլոյի մէջ 23էն 26 հոկտեմբերին սկիզբ կ՝առնէ միջազգային կրթական շարժում, քահանայապետական «Սքոլաս Օքուրենթես»ի եւ միազզգային ORT կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երիտասարդներուն 6-րդ հանդիպումը, Սան Փաուլոյի մարզադաշտին մէջ, ուր Արժանթինէն, Պուլկարիայէն, Պրազիլէն, Քոլոմպիայէն, Սպանիայէն, Միացեալ Նահանգերէն, Էլ Սալվատորէն, էքուատորէն, Հայիթիէն, Իսրայելէն, Իտալիայէն, Մեքսիքոյէն, Մոզամպիքէն, Փորթոկալէն, Փանամայէն, Փերույէն, Փարակուայէն, Վենեզուելլայէն ու Հարաւային Ափրիկէէն ժամանած երիտասարդները կը հաւաքուին տօնակատարելու համար կրօնային եւ մշակութային բազմազանութիւնը կիսելով փորձառութիւններ ու ձեռնարկներ որոնք կը խթանեն Հանդիպումի մշակոյթը։
Նշենք թէ քահանայապետական Սքոլաս Օքուրենթես կազմակերպութեան եւ World ORT կազմակերպութեան միջեւ համագործակցութիւնը սկիզբ առած է 2017 թուականին հոկտեմբեր ամսոյն, երբ Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ, Համաշխարհային Սքոլասի նախագահ, Խօսէ Մարիա Տէլ Քոռալը եւ լատին ամերիկայէն ձեռնարկու եւ World ORT կազմակերպութեան անդամ Տարիօ Վերթէյնի որոշեցին միացնել բոլոր աշխարհէն տարբեր կրօններուն եւ ընկերային ու տնտեսական միջավայրերէն միացնել երիտասարդներ, մասնակցելու համար բաց, բովանդակալից եւ բազմամշակութային երկխօսութեան։
Սոյն ձեռնարկը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 2016ին, Վատիկանի մէջ։ Ապա շարունակուեցան, 2017ին երուսաղեմի մէջ, 2018ին, Մեքսիքոյի մէջ եւ 2022ին Փանամային մէջ։
Երիտասարդներուն 6-րդ հանդիպումին մասին, քահանայապետական Սքոլաս Օքուրենթեսի նախագահ Խօսէ Մարիա Տէլ Քոռալը յայտնեց թէ «Այս Ժամանակամիջոցին, որուն մէջ կ՝ապրինք, յոյսի նշան է, որ 25 երկիրներէ ժամանած տարբեր կրօններու երիտասարդները կը հաւաքուին սան Փաուլոյին մէջ ընդառաջելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումի մշակոյթը ապրելու հրաւէրին, միացնելով գլխու լեզուն սիրտի եւ ձեռքերուն լեզուին հետ։ Այս օրերուն, իւրաքանչիւր անձեր իրենց յատուկ ինքնութեամբ պիտի կիսեն իրենց համոզումները ինչպէս նաեւ իրենց հարցումներն ու մտավախութիւնները ու անոնք միասնաբար պիտի ստեղծեն նոր համերաշխութիւնը որուն համայն աշխարհը պէտք ունի։»
Յայտնենք նաեւ թէ նախատեսուած է որ Ֆրանչիկոս քահանայապետը ցանցի միջոցաւ իր սիրտի խօսքը ուղղէ երիտասարդներու 6-րդ համաշխարհային հաւաքի մասնակիցներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ