Որոնել

2023.10.06 Briefing Sinodo

Սիւնհոդոս - Պատերազմը երբեք լուծում չէ, լուծումը՝ եղբայրութիւն որոնելն է

Վատիկանի մէջ ընթացող Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Սիւնհոդոսի մասնակիցներուն միաւորեց ընդհանուր աղօթքը Մերձաւոր Արևելքի մէջ տիրող լուրջ իրավիճակին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Մերձաւոր Արեւելք, Ուքրանիա, Ափրիկէ. Խաղաղութեան համար աղօթքը կը միաւորէ ամբողջ աշխարհի Եկեղեցին: Այս էր Սիւնհոդոսականութեան վերաբերեալ Սիւնհոդոսի՝ 12 Հոկտեմբերին Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի պատգամը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ յատկապէս միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան մէջ միասին քալելու հրատապութիւնը:

Խաղաղութեան համար աղօթքի զօրութիւնը

Մէկը միւսին յաջորդած վկայութիւններու շարքին յիշատակելի է Ֆոքոլարինի շարժումի (Movimento dei Focolari) նախագահ, քրիստոնեայ կաթողիկէ արաբ՝ ազգութեամբ իսրայէլացի ու ծագումով պաղեստինցի, Մարկարէթ Քարրամի վկայութիւնը։ Ան հաստատեց, խաղաղութեան համար պէտք է շատ ջանքեր գործադրել, պնդելով միաժամանակ, որ «աղօթքի ուժը հիմնարար է» եւ, որ «բոլորի հետ միասին աղօթքին միանալը շատ խոր պահ եղած է» իրեն համար։

«Այս փորձառութիւնը ինծի սորվեցուց, թէ ինչ կը նշանակէ քալել միասին, երկխօսիլ, թոյլ տալ հարցաքննուիլ ուրիշներու կողմէ» նշեց Տիկին Քարրամը աւելցնելով, որ «Սիւնհոդոսականութիւնը պարզապէս մեթոդաբանութիւն չէ, այլ պէտք է դառնայ Եկեղեցւոյ ապրելակերպը. լսել ուրիշներուն յարգանքով, անկախ կարծիքներու տարբերութիւններուն»:

Աղօթքի մէջ ամբողջ աշխարհի հետ

Ան ապա ներկայացուց վերջին օրերուն իրականացուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս թուային հարթակներու միջոցաւ նոյն ժամուն «Living Peace» տիտղոսը կրող միջկրօնական աղօթք հնչեցնելու նախաձեռնութիւնը՝ ողջ աշխարհէն հնարաւորինս շատ հաւատացեալներ ներգրաւելու նպատակով։

Մարկարէթ Քարրամը ապա կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեանը համաձայնեցուած գործողութիւններ սկսիլ, որպէսզի բանակցութիւնները վերսկսին եւ նկատի առնուի այս հակամարտութիւնը լուծելու հրատապութիւնը։

Ափրիկէ եւ Իրաք

Ճեպազրոյցի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Ափրիկէի ցամաքամասը ներկայացնող Քամերունի Պամենտա քաղաքի Արքեպիսկոպոս Անտրիու Նքեյա Ֆուանիան եւ Միջին Արեւելքէն Պաղտատի բժշկական կեդրոնի բժիշկ Քոյր Քարոլին Ճըրճիսը։

Արքեպիսկոպոս Անտրիու Նքեյա Ֆուանիան ի մասնաւորի նշեց, որ «Այս սինոդը մեծ մխիթարութիւն է Ափրիկէի համար, քանի որ երբեմն մենք մեզ լքուած կը զգանք», իսկ ինչ կը վերաբերէ պատերազմին, ըստ անոր «Անիկա երբեք լուծում մը չէ»։

Քոյր Ճըրճիսը, չթաքցնելով տառապանքը նշեց, որ․«Եկած եմ պատերազմող Երկրէն, ուր քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն կը կազմեն, բայց մեր Եկեղեցին հարուստ է իր նահատակներով: Անոնց արիւնը մեզ կը մղէ առաջ շարժուելու, եւ տուն կը վերադառնամ աւելի մեծ ուժով, որ կը բխի տիեզերական Եկեղեցւոյ հետ հաղորդակցուելու այս փորձէն»:

Եօթներորդ Ընդհանուր ժողովի նիւթերը

Նշենք թէ՝ Սիւնհոդոսականութեան վերաբերեալ Սինոդին երեկուայ՝ թիւ եօթներորդ ժողովին ներկայ եղած են 343 անդամ՝ 36 ելոյթներով, որոնց ընթացքին անդրադարձ կատարուած է հետեւեալ նիւթերու շուրջ․

· Միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութիւն,

· Գաղութատիրութեան ազդեցութիւնը բնիկ համայնքներու վրայ,

· Հաշտութեան հաղորդութեան կարեւորութիւնը,

· Լսել եւ ներգրաւել երիտասարդները՝ Յիսուսին հանդիպելու իրենց ցանկութեան ճանապարհին

· Կալկաթայի սրբուհի Մայր Թերեզայի կերպարը և անոր ուշադրութիւնը հիւանդներու նկատմամբ,

· Կաթողիկէ առաջնորդներու խաղաղութեան խրախուսման յանձնառութեան հրատապութիւնը,

· Արուարձաններու անտեսուած կանանց ողբերգութիւնը, անոնց Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ներառելու եւ լսելու անհրաժեշտութիւնը ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2023, 08:00